
ՆԵրքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց Լիբանանի ապահովական կառոյցներու նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան տօնական օրերուն առիթով Լիբանանի մէջ որդեգրուելիք ապահովական շարք մը միջոցառումները:
Այս շրջագիծին մէջ անհրաժեշտ նկատուեցաւ պահպանել երկրին ապահովութիւնը, քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ կարգ ու կանոնը, յատկապէս երթեւեկի առումով:
Ապահովական կառոյցներուն գումարած նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ լիբանանեան բանակին, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն միջեւ գործակցութիւնը համադրելու կարեւորութիւնը:
Նիստէն ետք նախարար Շարպել հրապարակեց որոշում մը, որուն ծիրին մէջ Ս. Ծնունդի եւ Նոր տարուան առիթով արգիլուեցաւ փոխադրակառքերուն երթեւեկը:
Այսինքն` կիրակիէն երկուշաբթի, 24 դեկտեմբերի լուսցող գիշերուան առաջին վայրկեաններէն սկսեալ եւ մինչեւ չորեքշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2012-ի, առաւօտեան ժամը 9:00, ինչպէս նաեւ կիրակիէն երկուշաբթի, 31 դեկտեմբերի լուսցող գիշերուան առաջին վայրկեաններէն սկսեալ եւ մինչեւ չորեքշաբթի, 2 յունուար 2013-ի առաւօտեան ժամը 9:00 փոխադրակառքերուն երթեւեկը արգիլուած է ամբողջ Լիբանանի տարածքին:
Միւս կողմէ, Շարպել երէկ երեկոյեան կատարեց յայտարարութիւններ, որոնց ընդմէջէն ան նկատել տուաւ, որ ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ուիսամ Հասանի սպանութեան մասին ամերիկեան դաշնակցային գաղտնի սպասարկութեան` «Էֆ. Պի. Այ.»-ի բացած հետաքննութեան լոյսին տակ պատրաստուած տեղեկագիրը արդէն իսկ ընդհանուր դատախազութեան տրամադրութեան տակ դրուած է եւ նման է Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն պատրաստած տեղեկագիրներուն:


