Արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ յայտնեց, որ սուրիական իշխանութիւններէն տեղեկացած է, թէ Թալքալախի մէջ սպաննուած լիբանանցիներու երեք դիակներ այսօր կէսօրէ առաջ պիտի յանձնուին լիբանանեան իշխանութիւններուն:
Ըստ Մանսուրի հաղորդած տեղեկութիւններուն, Լիբանան փոխադրուելիք դիակները Հաժ Տիպին, Ապտել Քերիմ Իպրահիմին եւ Հասան Սրուրին դիակներն են:


