Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Մէջ Նախագահ-Կառավարութիւն Լարուածութիւնը Կը Շարունակուի

December 22, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սահակաշվիլի եւ Իվանիշվիլի

Վրաստանի կառավարութեան խորհրդարանական հարցերու քարտուղար Շալվա Թատումածէ յայտարարած է, որ Վրաստանի խորհրդարանը մինչեւ Նոր տարի երկրի նախագահի աշխատակազմին վերահսկողութենէն դուրս պիտի բերէ եւ կառավարութեան փոխանցէ պետական պահպանութեան ծառայութիւնը:

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ ան նշած է, թէ այժմ այդ ծառայութեան մէջ կ՛աշխատին շուրջ 1800 անձեր, եւ անոնց 70 առ հարիւրը կ՛ապահովէ նախագահի անվտանգութիւնը:

«Ատիկա ոչ պատշաճ քայլ է նաեւ ելեւմտական տեսանկիւնէ: Սահակաշվիլի պիտի ունենայ այնքան թիկնապահ, որքան մասնագէտները անհրաժեշտ կը նկատեն», ըսած է ան:

Շալվա Թատումածէ «Մայեսթրօ» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակի սփռուած զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Սահակաշվիլի այդ փոփոխութիւնները «հիւանդագին» կերպով կ՛ընկալէ:

«Անոր շքախումբին մէջ կայ տասը ճիփ, ատիկա ոչ միայն անվտանգութիւն է, այլ նաեւ ուժի ցուցադրութիւն: Ան թիկնապահներու մեծ թիւ ունի, ինչ որ քաղաքական ներկայ իրավիճակին մէջ պէտք չէ այս երկրին: Պէտք է ստեղծել միասնական անվտանգութեան համակարգ մը, ինչ որ աւելի յարմար պիտի ըլլայ թէ՛ համապատասխան ծառայութեան, թէ՛ ինքնին իրեն` Սահակաշվիլիի համար», ըսած է ան:

Թատումածէ նշած է, որ նախագահի թիկնապահները լաւ պատրաստուած են` հաստատելով, որ Սահակաշվիլի առաջ երկու օդանաւ կ՛օգտագործէր, իսկ հիմա միայն մէկէն կ՛օգտուի:

Սահակաշվիլի երէկ յայտարարած էր, որ Վրացական երազանքի` Յատուկ ծառայութեան վերահսկողութիւնը նախագահական աշխատակազմէն վերցնելու մտադրութիւնը զինք չի մտահոգեր: «Խնդիր չկայ, ես կ՛ազատեմ անձնական թիկնապահներս, ես ոչինչէ կը վախնամ: Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չորս տարիէ ի վեր ինծի կը սպառնայ, սակայն չեմ վախնար, անոնցմէ ալ (Վրացական երազանքէն. «Ա.») չեմ վախնար: Ինծի պէտք չեն զրահապատ մեքենաներ, օդանաւեր եւ ուղղաթիռներ, վերցուցէ՛ք: Ընտանիքիս անդամներէն պիտի առնեմ ինքնաշարժ, պիտի նստին ղեկին, ոչ ոք զիս տեղաշարժելու առումով կը խանգարէ», ըսած էր ան:

Սահակաշվիլի Կառավարութիւնը
Լուծարելու
Մտադրութիւն Չունի

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սահակաշվիլի չի պատրաստուիր իր սահմանադրական իրաւունքէն օգտուելով կառավարութիւնը լուծարելու:

«Ես շօշափելի նպատակներ չունիմ` օգտուելու իմ սահմանադրական իրաւունքէս, եւ նման որեւէ ակնարկ չեմ կատարած: Միակ բանը, որ ես կ՛ըսեմ, այն է, որ եթէ երկրին մէջ քաոսն ու բռնութիւնը շարունակուին, իսկ մենք ատիկա տեսած ենք 1990-ական տարիներուն, ատիկա կրնայ վատ հետեւանքներու յանգեցնել», ըսած է Սահակաշվիլի:

«Ռուսթաւի-1» պատկերասփիւռի կայանի ընկերութեան տնօրէն Նիքա Կվարամիայի ձերբակալութեան շուրջ պատկերասփռուած զրոյցի մը ընթացքին Վրաստանի նախագահը ըսած է, որ ինք չի փափաքիր, որ իրադարձութիւնները կտրուկ դիպաշարով զարգանան:

Նշենք, որ վերջին շաբաթներուն Վրաստանի մէջ քսան նախկին պաշտօնատարներ ձերբակալուած են:

 

Նախորդը

Իտալիա Իր Արտաքին Պարտքը Վճարելու Հնարք Մը Գտած Է

Յաջորդը

Նախքան Տարեվերջ Ռամալլայի Մէջ Արաբ Նախարարներու Ժողով Մը Կրնայ Տեղի Ունենալ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.