Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 21, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն հետ խորհրդակցութիւնները առկայ են, որպէսզի կարելի ըլլայ Նոր տարիէն առաջ ընտրական օրէնքի քննարկման խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբին նիստերուն վերսկսիլ: Կը նախատեսուի, որ Պըրրի յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին հանդիպում մը ունենայ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մէկ պատուիրակութեան հետ:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի արտօնած է, որ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Շաարը փոխադրող օդանաւը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ էջք կատարէ` մարդկային պատճառներով:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներու թիւին առումով սխալներ արձանագրուած են` աւելցնելով, որ շուրջ 160 հազար սուրիացիներ հասած են Լիբանան: Ան նշեց, որ ասիկա թիւ մըն է, որ լիբանանցիներուն համար լուրջ մտահոգութիւն է` աւելցնելով, որ պէտք է վերջ տալ Սուրիայէն Լիբանան ուղղուելու քայլերուն եւ երկու երկիրներուն միջեւ սահմանները յաւելեալ հաւասարակշիռի տակ առնել:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ վերադարձաւ Լիբանան` Փարիզի մէջ ֆրանսացի պատասխանատուներու հետ իր ունեցած հանդիպումներէն ետք:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, 83 լիբանանցի երեսփոխաններ Նոր տարուան առիթով իրենց արձակուրդը պիտի անցընեն այլ երկիրներու մէջ. անոնց մեծ մասը պիտի ուղղուի Լոնտոն եւ Փարիզ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ռումիէի բանտին մէջ ձերբակալուած է սպայ մը` ապօրինի քայլերու մեղսակցութեան յանցանքով:

«ՃԵՐՈՒԶԱԼԵՄ ՓՈՍԹ» օրաթերթին համաձայն, Ուաշինկթըն կը նախատեսէ, որ Հըզպալլայի անունը նշուի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու եւրոպական անուանացանկին մէջ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան ընդհանուր համադրող Փիեռ Ռաֆֆուլ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պիտի շարունակէ իր գործունէութիւնը` հաստատելով, որ կառավարութիւնը կը հաւատայ Լիբանանի կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութեան:

ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Մերձաւոր Արեւելքի հարցերու խորհրդական Ճեֆրի Ֆելթման շեշտեց, որ կարգ մը լիբանանցիներու կողմէ Սուրիոյ տագնապին մեղսակցութիւնը կը խախտէ Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը եւ Լիբանանը կ՛ենթարկէ վտանգի:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի շեշտեց, որ Սուրիոյ զինեալ ընդդիմութիւնը իր արիւնաթաթախ ձեռքերով իրաւունք չունի երկխօսութեան մասնակցելու:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի կոչ ուղղեց Լիբանանի սահմանները հակակշիռի տակ առնելու եւ հսկողութիւնը ամրապնդելու` արգիլելու համար սուրիացի գաղթականներուն կողմէ Լիբանան զէնք բերելու քայլերը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատու Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը չի կրնար հակակշիռի տակ առնել Սուրիայէն Լիբանան հասնող գաղթականներուն թիւը: Ան նշեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը չի փափաքիր ընտրական արդար օրէնքի մը յանգիլ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ շեշտեց, որ կարելի է երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարել, եթէ բոլորին միտքը բարի է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ շեշտեց, որ իրենք կառչած կը մնան երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու սկզբունքին` ընդգծելով, որ իրենք լրջօրէն կը քննարկեն խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Լիբանան իր դիմագրաւած քաղաքական տագնապէն պիտի չկարենայ ձերբազատիլ, այնքան ատեն որ երկրին ընտրական օրէնքը անարդար է:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի ընտրական տագնապին լուծման նպատակով ամերիկեան-ֆրանսական ծրագիր մը առկայ է:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոս երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Սուրիոյ իրադարձութիւններն ու Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին Ժեմայէլ շեշտեց Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներու բնակեցման բոլոր կարելիութիւնները ջլատելու անհրաժեշտութիւնը:

ԻՐԱՆԻ արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտիւլլահեան հաստատեց, որ Հըզպալլա կը զօրակցի Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման կարելիութեան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի նորընտիր պատրիարք Եուհաննա Ժ. Եազիժիի յղած իր շնորհաւորական նամակին մէջ շեշտեց, որ քրիստոնեաները այս հողէն են եւ պիտի մնան այս հողին վրայ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս կոչ ուղղեց վերադառնալու խորհրդարանական քննարկումներուն` վաւերացնելու համար ընտրական նոր օրինագիծը:

 

 

 

Նախորդը

Հոլլանտ Ալճերիացիներէն Ներում Չէ Հայցած

Յաջորդը

Լիբանանը Կը Հարուածէ Փոթորիկ Մը, Որ Պիտի Տեւէ Մինչեւ Շաբաթավերջ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.