Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Միւֆթի Քապպանիի Եւ Ժեմայէլի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

December 20, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժեմայէլ եւ Ռայի պատրիարք

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլը, որ յայտնեց, թէ տօնական այս օրերուն ընթացքին բնական է Պքերքէ կատարած իր այցելութիւնը:

Ան նշեց, որ Ռայի պատրիարքին փոխանցած է, թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը նախանցեալ երեկոյեան գումարած են նիստ մը, որուն ընթացքին անոնք քննարկած են խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի առաջարկը` ընտրական նոր օրէնքին մշակումը արագացնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել:

Ժեմայէլ կոչ ուղղեց յանգելու այնպիսի արագ մեքանիզմի մը, որուն լոյսին տակ կարելի ըլլայ ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութիւն գոյացնել:

Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` երեսփոխանական ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին կատարելու:

Անդրադառնալով շրջանի երկիրներուն մէջ առկայ տագնապներուն` Ժեմայէլ ըսաւ, որ իրենք կը զօրակցին արաբական բոլոր պահանջատիրական շարժումներուն` աւելցնելով, որ ժողովրդավարութիւնն ու ազատութիւնը կենսական են, իսկ Սուրիոյ վարչակարգի փոփոխութիւնը կարեւոր է:

Ժեմայէլ դիտել տուաւ սակայն, որ իրենք կառչած կը մնան Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ որդեգրուած չէզոք կեցուածքին:

Պքերքէի այցելուներէն եղաւ նաեւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի, որ շնորհաւորեց Ռայի պատրիարքը կարտինալական աստիճանը ստանալուն առիթով, ինչպէս նաեւ իր շնորհաւորութիւնները եւ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով:

Միւֆթի Քապպանի նշեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները` յոյս յայտնելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը այդ հարցերը լուծեն կատարեալ իմաստութեամբ:

 

 

Նախորդը

Իրաք Ուղղուած Լիբանանցի Ուխտաւորները Վերադարձան Լիբանան

Յաջորդը

Հըզպալլայի Մէկ Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սելիմ Հըսի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.