Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարոյագիտութեան Յանձնախումբին Մէջ Փոփոխութիւններ Կատարելու Մասին Օրինագիծը Ընդունուեցաւ Առաջին Ընթերցումով

December 19, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ձայներու 66 թեր, 28 դէմ եւ 1 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ, երէկ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ առաջին ընթերցումով ընդունուեցաւ բարոյագիտական յանձնախումբին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին` Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Դաւիթ Յարութիւնեանի եւ Արփինէ Յովհաննիսեանի ներկայացուցած առաջարկը:

Նախքան քուէարկութիւնը Արփինէ Յովհաննիսեան տեղեկացուց, որ ընդդիմութեան ներկայացուցած առաջարկներուն շուրջ քննարկումները կը շարունակուին: Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւորը ընդգծեց, որ թէեւ վերջնական որոշում չէ տրուած, բայց համաձայնութեան եզրեր կան:

Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Ստեփան Մարգարեանն ալ յայտնեց, որ հիմա կուսակցութիւնը դէմ կը քուէարկէ, բայց կարելի է, որ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք  ընդհանուր յայտարարի գան:

«Երկիր» տեղեկացուցած էր, որ ընդդիմութիւնը մեծամասնութեան առջեւ պայման դրած է` բարոյագիտական յանձնախումբին մէջ փոփոխութիւններ կատարելուն հետ կապուած, որ չընդունուելու պարագային ընդդիմութիւնը ետ պիտի կանչէ բարոյագիտական յանձնախումբին մէջ իր ներկայացուցիչները:

Թէեւ օրէնքի նախագիծին առաջին ընթերցումով քուէարկութեան ժամանակ օրէնքի նախագիծին համահեղինակ Արփինէ Յովհաննիսեան յայտնեց, որ ընդհանուր եզրակացութեան գալու նախանշաններ կան, սակայն դաշնակցական պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ իշխանութիւնը, կարծես, չի համաձայնիր ընդդիմութեան առաջարկին: «Իրենք իրենց տարբերակը կ՛առաջարկեն, մենք չենք ընդունիր: Իրենք կ՛ըսեն, որ պահպանուին առկայ ձեւակերպումները եւ աւելցուի «ոչ իշխանական խմբակցութիւն» եւ կազմը սահմանել` 3 ընդդիմութիւն, 3 իշխանութիւն եւ 1 ոչ իշխանութիւն, ոչ ընդդիմութիւն, որոշումները ընդունուին 4-7 օր: Մենք ասիկա չենք ընդունիր, քանի որ բարոյագիտական յանձնախումբը կրկին կը քաղաքականացուի», յայտարարեց Արծուիկ Մինասեան: Ան աւելի հաւանական նկատեց, որ բարոյագիտական յանձնախումբէն, ամենայն հաւանականութեամբ, ետ կանչուին ընդդիմութեան ներկայացուցիչները:

 

 

Նախորդը

Թուրքիա Դարձեալ Մինսքի Խմբակը Փոփոխութեան Ենթարկելու Անհրաժեշտութեան Մասին Կը Խօսի

Յաջորդը

Ըստ Արմէն Ռուստամեանի Նախագահական Ընտրութիւնները Պէտք Է Յանգեցնեն Իշխանափոխութեան, Այլապէս Անոնց Մասնակցիլը Անիմաստ Է

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.