
Զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլը, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան եւ ներքին գործոց նախարարներուն ներկայացուցիչը` քննարկելու համար հանրային վայրերու մէջ ծխելը արգիլելուօրէնքին գործադրութեան առաջին հանգրուանը:
Հանդիպումէն ետք Ապպուտ յայտնեց, որ իրենք քննարկած են թիւ 174 օրէնքին գործադրութեան մանրամասնութիւնները, սակայն այդ օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելու առումով ոչ մէկ քայլի կրնան դիմել, որովհետեւ այդ օրէնքին փոփոխութիւնը կարելի չէ ամբողջացնել կառավարութեանընդմէջէն, այլ` ատիկա պէտք է կատարել խորհրդարանին միջոցով:


