Սուրիական ընդդիմադիր աղբիւրներ եւ պաղեստինեան աղբիւրներ երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հաղորդեցին, որ սուրիական ընդդիմադիր ուժերը օրեր շարունակ բուռն բախումներէ ետք Դամասկոսի հարաւը գտնուող Եարմուք պաղեստինեան գաղթակայանը գրաւած են:
«Ռոյթըրզ» կը հաղորդէ, որ գաղթակայանին մէջ մէկ կողմէ կարգ մը պաղեստինցիներու աջակցութիւնը վայելող ընդդիմադիր զինեալներու, իսկ միւս կողմէ Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատ- ընդհանուր հրամանատարութիւն կուսակցութեան մարտիկներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են: Ընդդիմադիր աղբիւրներ լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ պաղեստինեան նշեալ կուսակցութենէն մարտիկներ անջատուելով շաբաթ օր ընդդիմադիր ուժերուն միացած են, իսկ կուսակցութեան ղեկավար Ահմետ Ժըպրիլ նոյն օրը գաղթակայանէն հեռացած է:
Պաղեստինեան աղբիւրներ իրենց կարգին լիբանանեան «Նաշրա» կայքէջին յայտնեցին, որ Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատ-ընդհանուր հրամանատարութիւն կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Ժըպրիլ Եարմուք գաղթակայանէն հեռանալով Թարթուս ապաստանած է: Կուսակցութեան բանբեր Անուար Ռաժա հերքեց այս լուրը` նշելով, որ Ժըպրիլ Դամասկոսէն չէ հեռացած, այլ կը գտնուի Դամասկոսի կեդրոնը գտնուող իր բնակարանին մէջ:
Պաղեստինի ազատագրութեան ժողովրդային ճակատ-ընդհանուր հրամանատարութիւն կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի օգնական Թալալ Նաժի երկուշաբթի գիշեր Լիբանան հասած է եւ Պէյրութի Պըրժ Պարաժինա պաղեստինեան գաղթակայանին մէջ իր կուսակցութեան պատասխանատուներուն հետ ժողով մը գումարելով անոնց ներկայացուցած է Սուրիոյ մէջ ստեղծուած կացութիւնը:
Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի խորհրդական Նըմըր Համմատ սէուտական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեց, որ Ահմետ Ժըպրիլ Սուրիոյ մէջ պաղեստինցիները սուրիական վարչակարգը պաշտպանող միլիսներու վերածեց, այդ պատճառով ալ ան շատ բան կորսնցուց: Ան նշեց, որ պաղեստինեան ղեկավարութիւնը կը շարունակէ արաբական եւ միջազգային կողմերու հետ կապ հաստատել` սուրիական վարչակարգին կողմէ պաղեստինցիներու հարուածումը կասեցնելու համար:
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը` յղում կատարելով իր դիւանագիտական աղբիւրներուն, կը հաղորդէ, որ Ռուսիա կը փորձէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը համոզել, որ ան իր ընտանիքին եւ մերձաւորներուն հետ երկրէն հեռանայ ու Վենեզուելա մեկնի: Աղբիւրներ նաեւ կը հերքեն այն տեղեկութիւնները, թէ Սուրիոյ նախագահը կրնայ Պիելոռուսիա կամ Էքուատոր երթալ:
«Ռուսիա այժմ աշխուժ կերպով կը փորձէ Ասատը համոզել, որ լքէ Սուրիան: Ան կը փորձէ Ասատը համոզել, որ մինչեւ վերջ Սուրիոյ մէջ մնալու եւ պայքարելու որոշումը ճիշդ չէ: Ռուսիա Ասատը կը զգուշացնէ, որ եթէ ընդդիմադիրները Դամասկոսը գրաւեն, ապա ատկէ ետք երկրէն հեռանալու կարելիութիւն պիտի չունենայ: Ռուսիա կ՛ուզէ, որ Ասատ իր կնոջ, երեխաներուն եւ առաջին կարգի ազգականներուն հետ Վենեզուելա տեղափոխուի», ըսած է աղբիւրը: Այդ երկիրը պատրաստ է ընդունելու Ասատ ընտանիքը` իր ամբողջ ունեցուածքով, եւ մշտական բնակութեան իրաւունք տայ անոր:
Ըստ դիւանագիտական աղբիւրներուն, այն տեղեկութիւնները, թէ Միացեալ Նահանգներն ու Թուրքիան միջոցներու կը ձեռնարկեն Ասատի հաւանական տապալումէն ետք քիմիական զէնքերու ծայրայեղական խումբերու ձեռքը յայտնուիլը կանխարգիլելու համար, ճիշդ չեն: Միացեալ Նահանգներ հաւանաբար նման գործողութեան պիտի նախաձեռնեն Յորդանանի հետ:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ամիր Ապտելլահեան Ասատի մօտալուտ տապալման առնչութեամբ կասկած յայտնեց: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ իր կարգին շեշտեց, որ «սուրիացի ժողովուրդը ինք կը ճշդէ զինք ներկայացնող վարչակարգին ձեւը եւ ինք կը գծէ իր ապագան»:
Աղբիւր մը ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Ռուսիա մարտանաւեր Միջերկրական ծով ուղարկած է` առ ի պատրաստութիւն ռուսերը Սուրիայէն հեռացնելու կարելիութեան: «Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ պալթեան նաւատորմիղէն նաւեր Միջերկրական ծով ուղղուած են` փոխարինելու համար սեւծովեան նաւատորմիղէն մարտանաւեր, որոնք մարտական առաքելութեամբ Միջերկրական ծով կը գտնուին:


