Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ մէջ թղթադրամները կրնան շուտով փոխարինուիլ կերպընկալէ դրամներով, որոնք աւելի դիմացկուն կը նկատուին, չեն թրջուիր եւ զանոնք կեղծելը դժուար է:
Կը նախատեսուի, որ այդ դրամներուն օգտագործման ժամկէտը երեք տարի ըլլայ, մինչդեռ թղթադրամները ընդամէնը վեց ամիս կը ծառայեն: Անգլիոյ դրամատունը արդէն 2015-էն սկսեալ կերպընկալէ դրամներ տպելու համար մէկ միլիառ սթերլինկ արժողութեամբ մրցանք յայտարարած է:
Կերպընկալէ դրամները, վերոնշեալ առաւելութիւններէն բացի, իրենց վրայ կը հաւաքեն աւելի քիչ թիւով մակաբոյծներ: Բացի ատկէ, զանոնք պատռելը աւելի դժուար է, ինչ որ կը դիւրացնէ դրամատնային մեքենաներու հետ անոնց աշխատանքը:
Նոր տեսակի դրամները բնապահպանական գետնի վրայ աւելի մաքուր պիտի ըլլան, որովհետեւ անոնք աւելի քիչ պիտի ըլլան, քան թղթադրամները, ինչպէս նաեւ ենթակայ վերամշակման:
Սակայն կերպընկալէ դրամներու արտադրութիւնը բաւական աւելի սուղ է, քան թղթադրամներունը: Անգլիոյ դրամատան մամլոյ քարտուղարը յայտարարած է, որ վերջնական որոշում տակաւին չէ տրուած, եւ բազմաթիւ այլ տարբերակներ կը քննարկուին:
Յատկանշական է, որ կերպընկալէ դրամներ առաջին անգամ օգտագործուած են 1988-ին Աւստրալիոյ մէջ` կեղծ թղթադրամներու դէմ պայքարելու համար: Կերպընկալէ դրամներ կ՛օգտագործուին Նոր Զելանտայի, Ռումանիոյ, Փափուա Նոր Կինէի, Մեքսիքայի եւ Վիեթնամի մէջ:


