Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան տեղական զարգացումները:


