Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազգային Երկխօսութիւնը Մեր Միակ Ընտրանքն Է Եւ Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Շինիչ Ըլլայ» Ըսաւ Վարչապետ Միքաթի

December 14, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Առողջարար սնունդի յատուկ նախարարական սեղմ յանձնախումբի նիստէն պահ մը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի քաղաքական տագնապին լուծման միակ ընտրանքը ազգային երկխօսութիւնն է, որովհետեւ առանց անոր բախումներ պիտի պատահին եւ բախումներէն ետք արձանագրուած յաղթանակները դուրս պիտի գան իբրեւ ժամանակաւոր ու հանգրուանային յաղթանակներ: Ան շեշտեց, որ կարելի չէ լիբանանեան քաղաքական որեւէ կողմ ջնջել, ինչպէս նաեւ կարելի չէ մնայուն կերպով յամառութիւն գործել:

«Ազգային երկխօսութիւնը փոխըմբռնումի միակ միջոցն է, իսկ լիբանանեան ընդդիմութիւնը պէտք է շինիչ ըլլայ եւ իմաստուն քայլեր առնէ լիբանանեան քաղաքական կեանքին մէջ», ըսաւ Միքաթի:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ անհրաժեշտ է անպայման ազգային երկխօսութիւնը փողոցէն սեղան բերել եւ լիբանանցիները փրկել արկածախնդրութենէ եւ արբունքէ:

Վարչապետ Միքաթի այս յայտարարութիւնները կատարեց Լիբանանի տարածքին գտնուող անտառներուն մէջ 40 միլիոն ծառ տնկելու ծրագիրին ամբողջացման առիթով կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին, որուն ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, կրթութեան նախարար Հասսան Տիապ, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ, զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ եւ այլ պատասխանատուներ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի նախագահեց նաեւ առողջարար սնունդի յատուկ նախարարական սեղմ խորհուրդի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ, զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ եւ այլ պատասխանատուներ:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Մելակրոս Էռնանտօ եւ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի:

Երեկոյեան կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ, վարչապետ Միքաթի վերահաստատեց Ազգային երկխօսութեան նիստին կայացման անհրաժեշտութիւնը` համաձայնելու համար ընտրական օրէնքի մը շուրջ, աւելցնելով, որ այդ առաքելութիւնը աւարտելէ ետք իր  կառավարութիւնը կը հրաժարի եւ ապա կը կազմուի նոր կառավարութիւն մը, որուն վերահսկողութեամբ կը կատարուին երեսփոխանական ընտրութիւնները, «սակայն այդ կառավարութեան մաս պէտք է կազմեն այնպիսի նախարարներ, որոնք երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածու չեն», շեշտեց Միքաթի:

Վարչապետը ընդգծեց, որ ինք համաձայն է կազմելու նոր կառավարութիւն մը, սակայն երբեք պատրաստ չէ երկիրը անիշխանութեան մատնելու:

Ան ընդգծեց, որ ոեւէ վարչապետ պէտք է յարգէ երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականը` աւելցնելով, որ ինք յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածու է:

 

Նախորդը

Պըրրի Ընդունեց Մարտ 14-ի Ուժերուն Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Նախագահ Սլէյման Քիրիլ Պատրիարքէն Ստացաւ Մոսկուա Այցելութեան Հրաւէր Մը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.