Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 14, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ դատախազ Հաթեմ Մատի յայտնեց, որ ինք տակաւին չէ ստացած սուրիական իշխանութիւններուն կողմէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ երեսփոխան Օքապ Սաքըրի դէմ արձակուած բերման գիրերը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի կոչ ուղղեց սուրիական դատական իշխանութիւններուն «Սաատ Հարիրիի եւ Օքապ Սաքըրի դէմ իրենց արձակած բերման գիրերը թրջելու եւ անոնց ջուրը խմելու»: Ան ընդգծեց նաեւ, որ Զահլէի մէջ նախկին նախարար Էլիաս Սքաֆի հետ իրենք ընտրական ոչ մէկ գործակցութիւն ունին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ սուրիական վարչակարգը Լիբանանի մէջ մնայուն կերպով կեղծ երեւոյթներու դուռ կը բանայ` աւելցնելով, որ այս հանգրուանին սուրիական իշխանութիւնները նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան կեղծ վկաներէն անցած են կեղծ բերման գիրերու:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի երեսփոխան Ամմար Հուրի շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ երեսփոխան Օքապ Սաքըրի դէմ սուրիական բերման գիրերը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն` ընդգծելով, որ անոնց բնական տեղը աղբամանն է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար Տորի Շամուն շեշտեց, որ Հարիրիի եւ Սաքըրի դէմ արձակուած սուրիական բերման գիրերը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման եւ 1960-ի ընտրական օրէնքին փոփոխութեան, «մինչդեռ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերն են, որոնք կը մերժեն ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել», ըսաւ Հարպ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ապտել Մեժիտ Սալեհ շեշտեց, որ հիւսիսային Լիբանանի մէջ կան բաց անցքեր, ուրկէ զինեալներն ու զինամթերքը կը հասնին Սուրիա:

ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքը կոչ ուղղեց մշակելու ընտրական արդի օրէնք մը, որ համայնքային ճշգրիտ հաւասարակշռութիւն կը ներկայացնէ խորհրդարանին մէջ:

«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կտրականապէս կը մերժեն 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ կատարել յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւնները: Նոյն օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան ընդդիմութիւնը պիտի մասնակցի ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու խորհրդարանական սեղմ յանձնախումբին աշխատանքներուն:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր ընդունեց Լիբանանի մէջ Հարաւային Ափրիկէի դեսպան Շոն Փայնֆելթը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ կառավարութիւնը մահաքունի մէջ է եւ անիկա ինքնին անիշխանութեան մարմնացումն է:

ԺԻՊԷՅԼԻ մայրուղիին վրայ ինքնաշարժ մը շրջած է եւ անոր մէջ գտնուող երեք քաղաքայինները հրկիզուած են:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի Մալեք Շաարի դէմ ուղղուած մահուան սպառնալիքներուն պատճառը այն է, որ միւֆթի Շաարի զաւակը Ռաս Սախըրի մէջ հողաշերտ մը վաճառած է սուրիացիներու, որոնք աւելի ուշ բացայայտած են, որ նման հողաշերտ գոյութիւն չունի, եւ իրենք խաբուած են ու ստորագրած կեղծուած փաստաթուղթերու վրայ:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Տնտեսական խորհուրդները կառավարութեան վրայ ճնշում կը բանեցնեն, որպէսզի ան պետական մարզի պաշտօնէութեան եւ ուսուցիչներուն աշխատավարձի յաւելումները չվաւերացնէ:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ քաղաքապետ Նատեր Ղազալ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ քաղաքացիներուն մօտ գտնուող զէնքերը վտանգաւոր են եւ քաղաքին մեծ աղէտ կը սպառնան:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա ուղղակիօրէն միջամուխ կը դառնայ ներքին լիբանանեան իրադարձութիւններուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ լիբանանեան կամ սուրիական առումով տակաւին որոշում չէ տրուած` քաղաքական սպանութիւնները կասեցնելու:

ՌՈՒՄԻԷԻ բանտին ոստիկանութիւնը կրցած է ձախողեցնել Ֆաթհ Իսլամի անդամ արգելափակեալներուն բանտէն փախուստը:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը ձերբակալած են Ալի Մոհամետ Զ. անունով քաղաքացի մը, որ Հուլայի մէջ բռնաբարած է երկու պարմանուհիներ:

 

 

Նախորդը

Հանիյէ Տոհա Իր Մօտալուտ Այցելութեան Մասին Կը Խօսի

Յաջորդը

Լիբանանեան Բանակին Միակ Հեղինակութիւնը Իր Հրամանատարութիւնն Է

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.