Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Մերժեց Բոլոր Քաղաքացիներուն Բջիջային Կարճ Նամակները Յանձնել Տեղեկահաւաքի Բաժանմունքին

December 13, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պաապտայի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ: Քննարկուեցան երկրին մէջ տիրող հարցերը:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին պետական մարզի պաշտօնեաներուն եւ ուսուցիչներուն ամսական աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը չքննարկուեցաւ, այլ քննարկուեցան հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն վերաբերող տեղեկութիւններուն կողքին նաեւ կարճ նամակներն ու ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու գաղտնաբառերը ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին փոխանցելու կարելիութիւնները:

Նիստէն ետք աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը մերժած է տեղեկահաւաքի բաժանմունքին յանձնել բոլոր լիբանանցիներուն կարճ նամակներն ու ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու գաղտնաբառերը եւ այդ մէկը սահմանափակած է հեռաձայնի որոշ թիւերու պարագային միայն:

Ան յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը ներքին գործոց եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարները պատասխանատու նկատած է ապահովական կառոյցներուն տրամադրելու այն տեղեկութիւնները, որոնց կարիքը ունին:

Կառավարութեան Դէմ
Բողոքի
Ցոյց Եւ Դասադուլ

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին ցոյցը

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը բողոքի ցոյց մը կազմակերպեց Պարպիրի կամուրջէն մինչեւ վարչապետարան:

Ցոյցին առաջին անգամ ըլլալով մասնակցեցան նաեւ հանգստեան կոչուած բանակայիններ:

Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ կանգ առած քայլարշաւին առաջնորդներէն` Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ պէտք է պետական մարզի պաշտօնեաներուն աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնել առանց մասնավճարի դրութեան եւ առանց սահմանափակ եկամուտ ունեցող քաղաքացիներուն վրայ յաւելեալ տուրքեր պարտադրելու:

Ղարիպ կոչ ուղղեց կառավարութեան այդ յաւելումները անմիջապէս փոխանցելու խորհրդարան:

Իր կարգին, Անձնական վարժարաններուն մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն նկատմամբ կառավարութեան ցուցաբերած վարուելակերպը զիրենք կը մղէ փողոցը մնալու:

Նշենք, որ Լիբանանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ մեծ թիւով դպրոցներ ընդառաջեցին Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին կոչ ուղղած դասադուլին:

 

Նախորդը

Ապահովական Բնոյթի Նիստ` Նախագահութեամբ Վարչապետ Միքաթիի

Յաջորդը

Արտակարգ Իրավիճակներու Արձագանգման Հարցերով Բարձր Մակարդակի Հանդիպում` ՄԱԿ-ի Մէջ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.