Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ Յովիկ Աբրահամեան Հանդիպում Ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Նախագահին Հետ

December 12, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

10 դեկտեմբերին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան Մոսկուայի մէջ մասնակցեցաւ «Ժամանակակից խորհրդարանական համակարգը եւ ժողովրդավարութեան ապագան» միջազգային խորհրդարանական համաժողովին:

Համաժողովի ընթացքին Ազգային ժողովի նախագահը հանդէս եկաւ ելոյթով` իր խօսքին մէջ ժողովրդավարութեան հետագայ զարգացման ու քաղաքացիական հասարակութեան կայացման գործին մէջ կարեւոր նկատելով խորհրդարաններու դերը:

Համաժողովի շրջագիծին մէջ Յովիկ Աբրահամեան հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Ռիքարտօ Միլիորիի հետ: Ազգային ժողովի նախագահը նշեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ ԵԱՀԿ-ի կառոյցներուն հետ սերտ համագործակցութիւնը եւ կարեւոր նկատեց ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի դերը միջխորհրդարանական երկխօսութեան զարգացման հոլովոյթին մէջ: Յովիկ Աբրահամեան բարձր գնահատեց ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներուն մէջ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակին կողմէ անաչառ դիտորդական առաքելութեան իրականացումը եւ անհրաժեշտ  նկատեց համագործակցութեան շարունակականութիւնը ԵԱՀԿ-ի ժողովրդավարական հիմնարկներուն հետ:

«ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահը նոյնպէս բարձր գնահատեց ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխադարձ գործակցութեան մակարդակը եւ կարեւոր նկատեց համագործակցութեան հետագայ զարգացումը: Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձան շրջանային խնդիրներուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման եւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու եւս: Կողմերը ընդգծեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է լուծուի խաղաղ բանակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ»,  ըսուած է Ազգային ժողովի հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Երգչուհի Ֆլորա Մարտիրոսեանի Վերջին Հրաժեշտը

Յաջորդը

Քուէյթի Կառավարութիւնը Որոշում Տուաւ Օգնելու Սուրիահայերուն

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.