Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պապ Թըպպանէի Եւ Ժապալ Մըհսենի Միջեւ Զինեալ Բախումներուն Եւ Զէնք Հ Այթայթելու Առումով Փոխադարձ Ամբաստանութիւններ

December 12, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռիֆաաթ Իտի մամլոյ ասուլիսէն պահ մը

Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն յայտնեց, որ Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ տագնապը հինէն կու գայ` աւելցնելով, որ այսօր այդ պայքարն ու բախումները կը շահագործուին քաղաքական եւ ապահովական առումով:

Ղոսըն ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը ներկայ են Թրիփոլիի մէջ, որպէսզի իրենց հակակշիռին տակ առնեն տիրող կացութիւնը:

Ան դիտել տուաւ, որ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին կողմէ տրուած որոշումը եւ քաղաքացիներուն փափաքը առիթ ընծայեցին, որ բանակը դիրքաւորուի հիւսիսային Լիբանանի լարուած շրջաններուն մէջ:

Պաշտպանութեան նախարարը հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ զէնք կայ, սակայն այս հանգրուանին այդ զէնքը մեծ քանակութեամբ մուտք կը գործէ Լիբանան, որովհետեւ երկրին մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու նպատակներ կան:

«Բայց եւ այնպէս բանակը պատրաստ է կանխարգիլելու նման սադրանքները, իսկ քաղաքական պատասխանատուները պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները», ըսաւ Ղոսըն:

Միւս կողմէ, Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան քաղաքական յարաբերութիւններու պատասխանատու Ռիֆաաթ Իտ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ Սուրիական ազատ բանակն է, որ Թրիփոլիի մէջ հրահանգներ կ՛արձակէ ու որոշումներ կու տայ եւ ոչ թէ Մուսթաքպալ հոսանքը:

Իր խօսքը ուղղելով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի` Ռիֆաաթ Իտ շեշտեց, որ ան ի՛նչ որ կատարէ Ժապալ Մըհսենի մէջ, պիտի ձախողի, որովհետեւ ան անիրաւ է, իսկ իրենք` իրաւատէր:

«Մեծ անակնկալ մըն էր, որ հանդիպումներուն ընթացքին Թրիփոլիի

քաղաքական անձնաւորութիւնները բանակին եւ ներքին գործոց նախարարին յայտնած էին, թէ իրենք միայն կրնան տարհամոզել Ժապալ Մըհսենի շուրջ գտնուող զինեալներուն 40 առ հարիւրը», ըսաւ Իտ` հարց տալով, որ մնացեալ 60 առ հարիւրը ովքե՞ր են եւ ինչո՞ւ կարելի չէ զանոնք համոզել:

Իր կարգին, Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը երէկ յետմիջօրէին գումարեց իր նիստը, որուն ընթացքին պլոքը դրուատեց Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կողմէ այս հանգրուանին որդեգրուած ապահովական միջոցառումները:

Պլոքը հաստատեց, որ երկրին կառավարութեան մէջ ներկայացուած են քաղաքական այնպիսի ուժեր, որոնք կը ֆինանսաւորեն եւ կը զինեն Թրիփոլիի զինեալ բախումներուն մաս կազմող կողմերը:

Պլոքը մերժեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը եւ կոչ ուղղեց պահպանելու Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքը կառավարութիւնը պատասխանատու նկատեց Թրիփոլիի արիւնահեղութեան ու հոն թափող իւրաքանչիւր արեան կաթիլի եւ կոչ ուղղեց Թրիփոլիի ապազինման:

 

Նախորդը

Նախարարներ Սապունճեան Եւ Պասիլ Հիմնարկէքը Կատարեցին Վերանորոգուող Ուժանիւթի Երկու Ծրագիրներու

Յաջորդը

Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Թրիփոլիի Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.