Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Վստահութիւն Եւ Մասնակցութիւն

December 7, 2012
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը հաւանաբար այն հազուագիւտ կառոյցներէն է, որ իր ցանցային, բրգաձեւ կառոյցով շուրջ երկու տասնամեակէ աւելի կը գործէ աշխարհի տարածքին: Կեդրոնական հոգաբարձութիւնը, Երեւանի գրասենեակը, գումարած` իւրաքանչիւր երկրի յանձնախումբերը յաջողած են հիմնադրամի գործունէութեան եւ կառուցակարգին մէջ ներգրաւել հայ կեանքի բոլո՛ր` պետական,  քաղաքական, յարանուանական եւ միութենական ներկայացուցիչները:

Անկախ իւրաքանչիւր տարի ձեռք բերուած գումարային-նիւթական արդիւնքներէն, նախ կառոյցի գոյութիւնը` հայութեան ներուժը համախմբելու  եւ ապա նպատակաուղղուած աշխատանքը իրականացնելու առումով գաղափարախօսական լիցք կը հաղորդեն երեւոյթին եւ գործին: Համահայկականութիւնը այս պարագային սոսկ կարգախօսային բնոյթ չունի, այլ գաղափար է, առաջադրանք եւ մանաւանդ արդիւնաւէտ գործելաեղանակ:

Կարեւոր խորհուրդ ունի ուրեմն, այն որ Արցախի հեռաւոր գիւղի մը ջրամատակարարման համակարգը կը հաստատուի, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւնները իրար կապող ճանապարհաշինարարութիւնը կ՛ամբողջանայ, ու տակաւին դպրոցներ, հիւանդանոցներ, ենթակառոյցներ իրար ետեւէ կը նորոգուին ու կը վերանորոգուին այս կառոյցի ընդհանուր աշխատանքներուն շնորհիւ, որոնց կը մասնակցին բոլորը` անխտիր: Կառոյցն ու երեւոյթը ռազմավարական նշանակութիւն ունին ոչ միայն ներազգային ներուժի համախմբումի, այլ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու հզօրացման եւ պետականաշինարարական աշխատանքներուն հիմնական նպաստ բերելու հանգամանքով:

Երկու տասնամեակի փորձառութիւնը, ըստ էութեան, բաւական ճամբայ կտրած է: Այս կառոյցի գործունէութեան եւ արդիւնաւէտութեան համար համակողմանի վստահութիւնը կայացած երեւոյթ է: Այլապէս գոյութիւն ունեցող փտածութիւնը, իւրացումները եւ առհասարակ ստուերը փաստօրէն չեն խախտած այս կառոյցին եւ անոր գործունէութեան նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը:

Այս տարուան դրամահաւաքը իր կարգին ցոյց տուաւ, որ տարիներու վաստակին եւ գործունէութեան արդիւնքին վրայ ամուր հիմերով խարսխուած է այդ վստահութիւնը: Շահուած այդ վստահութիւնը պէտք է պահպանել, որովհետեւ հիմնական երաշխիքն է յառաջիկայ աշխատանքներու արդիւնաւորման: Այս առումով ալ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կեդրոնական գրասենեակը ներկայացնող ոեւէ ներկայացուցիչ կամ մամլոյ պատասխանատու ծայրայեղ զգուշաւորութիւն պէտք է ցուցաբերէ իր հրապարակած հաղորդագրութիւններուն կամ կատարած յայտարարութիւններուն ընթացքին: Սփիւռքի տարածքին համազգային նպատակներու կամ ճգնաժամի մէջ յայտնուած համայնքներու համար հանգանակուած գումարներու փոշիացած ըլլալու մասին ոչ հիմնաւորեալ յայտարարութիւն կատարելէ առաջ հաղորդագրութիւն խմբագրողը պիտի հաշուարկէ, թէ ի՛նչ տեսակի ընկալում կրնայ ունենալ այդ հանգանակութեան ձեռնարկած, այդ հանգանակութեան մասնակցած կամ այդ հանգանականութիւնը ստացող կողմը: Բարեբախտաբար սակայն նման հաղորդագրութիւններ եւս ժխտական անդրադարձ չունեցան շահուած վստահութեան եւ անոր հիմամբ կայացած գործին մասնակցութեան վրայ: Երթը կը շարունակուի:

Այսօր լիբանանահայութիւնը հրաւիրուած է մասնակցելու համագաղութային ռատիոթոնին: Նպատակը եռակողմ ուղղութիւն ունի, եւ այդ երեք ուղղութիւնները ի վերջոյ կը միանան միեւնոյն խորհուրդին: Ճգնաժամային պայմաններ ապրող հայրենամերձ սուրիահայութեան, սփիւռքահայ կեանքի մարդուժի շտեմարան հանդիսացած լիբանանահայ վարժարանին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող երաշխիքին` Արցախին:

Մեր գաղութը հերթական անգամ փաստը պիտի տայ այս անհրաժեշտութիւններու գիտակցումին եւ մանաւանդ գործնական մասնակցութեան:

Նախորդը

Դեսպան Աշոտ Քոչարեանի Ուղերձը` Լիբանանահայութեան. «Մենք Պէտք Է Ջանք Չխնայենք Էլ Աւելի Զարգանալու, Համախմբուելու Եւ Հզօրանալու Առումով»

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (8 Դեկտեմբեր 1962)

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.