Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Պիտի Պահպանէ Իր Օրակարգը Եւ Անոր Շուրջ Քննարկում Պիտի Կազմակերպէ 6 Դեկտեմբերին

December 5, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Ազգային ժողովի յայտարարութիւններուն ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ ՀՅԴ-ն ներկայացուց «Միասնական օրակարգով դէպի նախագահական ընտրութիւններ» կարգախօսով հասարակութեան լայն շերտերը համախմբելու նախաձեռնութիւնը:

«Այս նախաձեռնութիւնը կը բխի մեր ձեւաւորուած այն համոզումէն, որ նախ անհրաժեշտ է ձեւակերպել եւ ընդունիլ այն առաջնահերթութիւնները, որոնց իրագործումով կարելի պիտի ըլլայ դուրս բերել երկիրը այս տեւական տեղապտոյտէն եւ ապահովել անոր անվտանգ ու արագընթաց զարգացումը: Առկայ է ընտրութիւններուն նկատմամբ հասարակութեան ծայրայեղ անվստահութիւն եւ որեւէ քաղաքական ուժ չունի հասարակութեան մօտ բաւարար վստահութիւն: Ընտրութիւնները անխուսափելի իշխանափոխութեան վերածելու` գործնականին մէջ միակ կարելիութիւնը ընդդիմադիր զանգուածին լիարժէք համախմբումն է: Վերջապէս` Հայաստանի ապագան կախեալ է անկէ, թէ պետութեան ապագայ գլուխը որքանո՛վ կարեւոր պիտի նկատէ այս մարտահրաւէրները եւ պիտի ստանձնէ զանոնք յաղթահարելու յանձնառութիւնը», յայտարարեց Արմէն Ռուստամեան:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը ընդգծեց, որ Հայաստան այսօր կարիքը ունի ազգային պետական ուղեգիծի, որպէսզի երբեք չզիջինք մեր շահերն ու նպատակները` զարգանալու պատրուակով: Ըստ Ռուստամեանի, պէտք է ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն, որպէսզի չզիջելու համար կարելի ըլլայ զարգանալ, պէտք է արդարութիւն, որպէսզի յանուն ներազգային համերաշխութեան բոլորին տրուին հաւասար կարելիութիւններ եւ բոլորը օգտուին ստեղծուած բարիքներէն:

Ռուստամեան նաեւ նշեց, որ ասիկա  կ՛երաշխաւորէ Դաշնակցութեան առաջարկած` 7 կէտնոց օրակարգի կատարումը: Ըստ անոր, առանց միասնական օրակարգի ընդունման եւ անոր կատարումը երաշխաւորող ճամբու քարտէսի համաձայնեցման, անպտուղ եւ սին է միացեալ թեկնածուի որեւէ փնտռտուք: «Միաժամանակ, կ՛ուզեմ պարզ եւ յստակ յայտարարել` մենք մեզ չենք ուզեր որեւէ մէկէն գերադասել, բայց որեւէ մէկն ալ հաստատ մեզմէ գերադասելի չէ: Մենք այս օրակարգը պիտի պահպանենք այնքան ժամանակ, քանի կարելի չէ երկիրը եւ ժողովուրդը ազատել այս կապանքներէն»,  յայտարարեց Ռուստամեան եւ բոլորին հրաւիրեց 6 դեկտեմբերի խորհրդաժողովին` աւելի լայն լսարանի առջեւ քննարկելու միասնական օրակարգով դէպի նախագահական ընտրութիւններ ուղղուելու ստեղծուած կարելիութիւնը:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Խմբակցութիւնը Դէմ Պիտի Քուէարկէ 2013-ի Պիւտճէի Նախագիծին

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (6 Դեկտեմբեր 1962)

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.