Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Եւ Ռուսիա Շարք Մը Համաձայնագիրներ Ստորագրեցին

December 4, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փութին եւ Էրտողան

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ այցելեց Թուրքիա: Պոլսոյ Աթաթուրքի անուան օդակայանին մէջ զինք դիմաւորեցին Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ եւ Պոլսոյ նահանգապետ Հիւսէյն Աւնի Մութլու:

Փութին Պոլսոյ մէջ մասնակցեցաւ Ռուս-թրքական բարձր մակարդակի համագործակցութեան խորհուրդի 2-րդ նիստին, որուն աւարտին երկու կողմերը ստորագրեցին տնտեսական ոլորտի, մասնաւորաբար ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան եւ ելեւմուտքի մարզերուն վերաբերող շարք մը համաձայնագիրներ, որոնց շարքին` Թուրքիոյ մէջ հիւլէական կայանի մը կառուցման համաձայնագիր մը: Ըստ համաձայնութեան, Ռուսիա կը ստանձնէ կայանի կառուցման համար անհրաժեշտ 20 միլիառ տոլարի ծախսը:

Համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Փութին տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Էրտողան ըսաւ, որ «Ռուսիա Թուրքիոյ պիտի օգնէ ուժանիւթի մատակարարման նպատակով հիւլէական կայանի մը կառուցման մէջ»:

Ան նշեց, որ Ռուսիոյ նախագահին հետ քննարկած է սուրիական հարցն ու Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի անդամակցութեան հարցը: «Կը ջանանք կարելի եղածին չափ շուտ կասեցնել Սուրիոյ մէջ արձանագրուող բռնարարքները», ըսաւ Էրտողան:

Փութին իր կարգին նշեց, որ Թուրքիոյ մէջ ընդունելութեան մակարդակը զինք համոզած է, որ բարեկամ երկիր մը կ՛այցելէ: Ան ըսաւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ պատմութիւնը անցեալին ցաւալի եղած է` աւելցնելով, որ «Թուրքիոյ մէջ ռուսական գերեզմանոցներու եւ Ռուսիոյ մէջ թրքական գերեզմանոցներու շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցինք»:

Ան ընդգծեց, որ սուրիական տագնապի լուծման սկզբունքներուն շուրջ տակաւին համաձայնութիւն չեն գոյացուցած, սակայն աւելցուց, որ երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներուն պարտականութիւն տուած են սուրիական տագնապի լուծման կերպին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու:

«Մենք սուրիական վարչակարգին փաստաբանը չենք, մենք ապագային նկատմամբ մտահոգ ենք եւ չենք ուզեր, որ մօտիկ անցեալին գործուած սխալները գործուին, ինչպէս Լիպիոյ մէջ կատարուեցաւ», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը` աւելցնելով, որ «Արեւմուտքը պէտք է Սուրիոյ մէջ զինեալներուն իր աջակցութեան հետեւանքներուն մասին մտածէ»:

Պատասխանելով թուրք լրագրողի մը այն հարցումին, թէ Ռուսիա կ՛երաշխաւորէ՞, որ Սուրիա Թուրքիոյ վրայ յարձակում պիտի չգործէ, Փութին ըսաւ, որ «Սուրիա ներկայիս անկարող է իր դրացիներուն վրայ յարձակում գործելու»:

 

Նախորդը

Հունգարիոյ Մէջ «Վտանգաւոր Հրեաներու Ցուցակ»-ին Դէմ Բողոքի Ցոյց

Յաջորդը

Հակադարձելով Քլինթընի «Խիստ Ոճի Զգուշացումին»` Սուրիա Կը Յայտարարէ, Որ Իր Ժողովուրդին Դէմ Որեւէ Պայմանի Տակ Քիմիական Զէնք Պիտի Չօգտագործէ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.