ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ հաղորդագրութեամբ մը սառեցնել տուաւ զէնք կրելու արտօնագիրը Նապաթիէի շրջանին մէջ ընթացիկ 27 եւ 28 նոյեմբերին: Որոշումէն զերծ կը պահուին նախկին թէ այժմու երեսփոխաններու ու նախարարներու եւ դիւանագէտներու թիկնապահները` տուեալ անձնաւորութեան ընկերակցութեամբ եղած միջոցին միայն:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու պատկան մարմիններ յայտնեցին, որ երկուշաբթիէն երեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին ձերբակալած են իրաքցի Սէյֆ Նիզար Քասոն, որ Այն Սաատէի մէջ սպաննած է իր հօրեղբօրորդին` կապանքի տակ պահելէ ետք անոր մայրը, եւ առեւանգած միւս հօրեղբօրորդին: Առեւանգուած տղեկը ազատուած եւ յանցագործը արգելափակուած է:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտարարեց, որ 2 առ հարիւր համեմատութեամբ աճ արձանագրուած է այս տարի Լիբանանի մէջ: Միւս կողմէ, կարգ մը դրամատուներ կը միտին իրաքեան եւ լիպիական շուկաներ թափանցել` յաւելեալ աճ արձանագրելու համար:
ՄԻԱՑԵԱԼ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի երէկ այցելեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի` վերահաստատելով ամերիկեան վարչամեքենայի յանձնառութիւնը` կայուն, անկախ ու ինքնիշխան Լիբանանի գծով: Քոնելլի յայտնեց, որ մօտերս Լիբանան պիտի այցելէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի գաղթականներու եւ բնակչութեան հարցերու խորհրդական Անն Ռիչըրտ, որ տեսակցութիւններ պիտի ունենայ վարչապետ Միքաթիի եւ այլ պատասխանատուներու հետ: Շրջանի եւ Լիբանանի իրավիճակը քննող խորհրդակցութեանց ընթացքին ամերիկացի դեսպանը ողջունեց կայունութիւնը ամրապնդելու ձգտող կառավարութեան մը կազմութեան գծով կողմերու ճիգերը:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, նախագահ Միշել Սլէյման կը խորհի, թէ ներկայ կառավարութեան գործունէութեան շարունակումը դժուար է, եւ առ այդ ան կը ձեռնարկէ զանազան հանդիպումներու` առ ի նախապատրաստութիւն նոր կառավարութեան կազմութեան յարմար մթնոլորտի:
ՇԷՅԽ Ահմետ Ասիրի համակիրներ յայտնեցին, որ յառաջիկայ կիրակի կէսօրին բողոքի ցոյց մը պիտի կազմակերպեն Սայտայի մէջ` իբրեւ բողոք երկու շաբաթ առաջ Սայտայի Թաամիր շրջանին մէջ պատահած զինարձակութեան դէմ, որուն զոհ գացած երեք սպանեալներէն երկուքը Ասիրի հետեւորդներ էին: «Սաութ Լուպնան» կայանին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժեր, որոնք ցարդ չեն արտօնած նշեալ բողոքի ցոյցը, թոյլ պիտի չտան, որ որեւէ շարժում խափանէ Սայտայի անդորրութիւնը:
ՇՈՒԷՏԻ միջազգային բարգաւաճման գործակցութեան նախարար Կոնելլա Քարլսըն այս երեկոյ պաշտօնական այցելութեամբ կը ժամանէ Լիբանան` տեսակցութիւններ ունենալու համար վարչապետ Միքաթիի եւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի հետ: Մինչեւ վաղը` հինգշաբթի տեւող այս այցելութեան խորհրդակցութիւնները պիտի կեդրոնանան Լիբանանի ընդհանուր կացութեան եւ յատկապէս սուրիացի գաղթականներու կացութեան ու անոնց մատուցուող ծառայութեանց վրայ:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Համասի ներկայացուցիչ Ալի Պարաքայի գլխաւորութեամբ շարժումի մէկ պատուիրակութիւնը, որ եկած էր շնորհակալութիւն յայտնելու Կազայի նկատմամբ Լիբանանի ցուցաբերած զօրակցութեան եւ այս գծով նախարար Մանսուրի Կազա կատարած այցելութեան համար:


