
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն երէկ յայտարարած է, որ Սուրիոյ հետ Թուրքիոյ սահմանին վրայ «Փաթրիոթ» տիպի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու տեղակայման որոշումը պիտի տրուի յառաջիկայ օրերուն:
Ան թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ «ատիկա երկար ժամանակ պիտի չպահանջէ: Որոշումը պիտի տրուի յառաջիկայ օրերուն»:
Թուրքիա անցեալ շաբաթ պաշտօնապէս ՕԹԱՆ-ին դիմած էր թուրք-սուրիական սահմանին վրայ «Փաթրիոթ»-ներ տեղակայելու հարցով:
Ըստ Ռասմուսենի, հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը այլ նպատակներով պիտի չօգտագործուին: Ան նաեւ ընդգծած է, որ «դաշնակիցները կ՛աջակցին հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու տեղակայման»` աւելցնելով, որ ատոնք պիտի կառավարուին միայն ՕԹԱՆ-ի կողմէ:
«Փաթրիոթ»-ներու տեղակայման ամէնէն հաւանական վայրերէն են Տիգրանակերտ, Ուրֆա եւ Մալաթիա նահանգները:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապի լուծման լաւագոյն ձեւը ընտրութիւններն են` աւելցնելով, որ «զինեալ խմբաւորումներուն եւ անոնց բոլոր համակիրներուն թիւը առաւելագոյն պարագային 100 հազար է, իսկ Սուրիոյ բնակչութիւնը 20 միլիոն է, ուստի ինչպէ՞ս կրնան ըսել, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը կը ներկայացնեն. եթէ կը ներկայացնեն, ապա թող քուէարկութեան սնտուկներուն գան հարցերը յստակացնելու համար»:
Ան նաեւ ըսաւ, որ «գոյութիւն ունի այլ տեսանկիւն մը, որ ազգային երկխօսութիւնը կը մերժէ եւ կ՛ուզէ բախումները շարունակել, նոյնիսկ մինչեւ արտաքին միջամտութիւն»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ծանօթացանք տեղեկութեանց, թէ սուրիական ընդդիմութիւնը վերջերս վարչակարգի կարեւոր կեդրոններ գրաւած է, ինչ որ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան ուժի աճի ցուցանիշն է եւ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալման ճամբան կը հարթէ»:
«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ իր ֆրանսացի պաշտօնակից Ժան-Մարք Այրոյի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնած է, որ «մենք նման գերիշխան պետութիւններու ներքին գործերուն միջամտելը ճիշդ չենք նկատեր, նոյնիսկ եթէ այդտեղի մարդկային իրաւանց իրավիճակին վերաբերեալ պահանջներ ունինք: Իսկ պահանջները, բնականաբար, կարելի է ուղարկել ե՛ւ Ասատին, ե՛ւ ընդդիմութեան, որովհետեւ երկուքին ալ ձեռքերը արիւնոտ են: Եւ անոնք հաւասար պատասխանատուութիւն կը կրեն, թէ այդտեղ ի՛նչ կը կատարուի»:
Մետվետեւ նշած է, որ իրենց հարցը զանոնք սեղանի շուրջ նստեցնելն ու համաձայնութիւն գոյացնելն է, «ոչ թէ յանուն Սուրիոյ նախագահին, այլ յանուն սուրիացի ժողովուրդին»:
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով օգնական Վալերի Ամոս Սուրիոյ մէջ ճակատող կողմերուն կոչ ուղղեց մարդասիրական ապահով գօտիներ ստեղծելու:
Ան Յորդանանի մէջ սուրիացի գաղթականներու Զաաթարի գաղթակայանին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «ճակատող բոլոր կողմերը պէտք է համաձայնին այդ շրջանին շուրջ, թէ անիկա չէզոք շրջան մըն է, որպէսզի իբրեւ առաջնահերթութիւն անհատներու ապահովութիւնը երաշխաւորուի»:
Ամոս ըսաւ, որ Յորդանանի մէջ կան 240 հազար սուրիացի գաղթականներ, որոնք տարածուած են տարբեր քաղաքներու եւ շրջաններու, ներառեալ` մայրաքաղաք Ամմանի մէջ: Ան նշեց, որ բոլոր սուրիացի գաղթականները կը փնտռեն գործ Յորդանանի մէջ, որ արդէն իսկ անգործութեան հարց կը դիմագրաւէ:


