Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Սկսաւ Լիբանան Եռօրեայ Պաշտօնական Այցելութեան. Երկու Նախագահները Շեշտեցին Հարցերը Խաղաղ Եւ Բանակցային Միջոցներով Լուծելու Անհրաժեշտութիւնը

November 27, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Պաշտօնական դիմաւորման պահուն

Անցեալ տարի հանրապետութեան նախագահ Միշել Սլէյմանի Հայաստան տուած այցելութեան իբրեւ փոխադարձութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այս օրերուն հայրենի բարձրաստիճան պատուիրակութեամբ մը եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Լիբանան` ամրապնդելու համար երկու երկիրներուն սերտ յարաբերութիւնները:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան առաջին եւ երրորդ պետերուն հետ եւ այցելեց Կեդրոնական Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը, ուր զետեղեց ծաղկեպսակ մը:

Նախագահ Սարգսեան, Հայաստանի Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան ու անոնց ընկերակցող նախագահական պաշտօնական պատուիրակութիւնը առաւօտեան ժամը 10:00-ին հասան Պէյրութի միջազգային օդակայան:

Նախագահական պատուիրակութեան  մաս կազմեցին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, նախագահական անձնակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Հայաստանի արտակարգ լիազօրութիւններով դեսպան Լեւոն Սարգսեան, Մարտին Սարգսեան, նախագահ Սարգսեանի տեղեկատու գրասենեակի քարտուղար Արմէն Արզումանեան եւ արտաքին յարաբերութեանց բաժանմունքի նախագահ Արտակ Ապիտոնեան:

Պէյրութի օդակայանին մէջ նախագահ Սարգսեան դիմաւորուեցաւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպելի, նախարարներ Ուալիտ Տաուքի, Վրէժ Սապունճեանի եւ Փանոս Մանճեանի, երեսփոխաններու, հայ համայնքի հոգեւոր ներկայացուցիչներու, կուսակցութեանց ներկայացուցիչներու եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ:

Նախագահ Սարգսեան եւ հայկական պատուիրակութիւնը օդակայանին յատուկ նախագահական հիւրասրահին մէջ հանգիստի կարճ դադարէ մը ետք ուղղուեցան նախագահական պալատ:

Նախագահական Պալատին Մէջ

Նախագահներ Սարգսեան եւ Սլէյման

Առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պաապտայի պալատին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման` ընկերակցութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկնոջ, դիմաւորեց Հայաստանի նախագահը:

Նախագահական պալատի մայր դրան մուտքին նախագահ Սլէյման դիմաւորեց նախագահ Սարգսեանը եւ դիմաւորումի պաշտօնական արարողութենէն ու Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, նախագահները ուղղուեցան պալատի ներքնամաս:

Նախագահներ Սլէյման եւ Սարգսեան դեսպաններու դահլիճին մէջ ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

Քննարկուեցան նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:

Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Սարգսեանի` Լիբանանի վերաբերող հարցերուն եւ միջազգային բանաձեւերուն պարագային Հայաստանի կողմէ Լիբանանի ցուցաբերուած զօրակցութեան համար:

Հանդիպումէն ետք նախագահներ Սարգսեան եւ Սլէյման յուշանուէրներ փոխանակեցին եւ նախագահ Սարգսեան արձանագրութիւն մը ձգեց նախագահական պալատի ոսկեմատեանին մէջ:

Ապա նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Միշել Սլէյման ուղղուեցան կառավարութեան ժողովի դահլիճը, ուր անոնց միացան հայկական պաշտօնական պատուիրակութիւնն ու լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, գաղթականներու հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ, պետական նախարար Փանոս Մանճեան, տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք, կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ, մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն, լիբանանեան-հայաստանեան բարեկամութեան խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ երեսփոխան Արթիւր Նազարեան եւ նախագահ Սլէյմանի դիւանագիտական, տնտեսական, արտաքին եւ զինուորական հարցերու խորհրդականներ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հայաստանեան-լիբանանեան յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ գործակցութեան բարելաւման քայլերը:

 

 

 

 

 

 

 

Ընդարձակ հանդիպումին ընթացքին ստորագրուեցան երկու համաձայնագիրներ, որոնցմէ առաջինը կը վերաբերի Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ այցեգիրի դրութեան ջնջումին, իսկ երկրորդը` երկու երկիրներուն միջեւ բարձրագոյն վկայականներու փոխադարձ ճանաչումին:

Ընդարձակ հանդիպումին աւարտին, նախագահ Սարգսեան նախագահներու պուրակին մէջ տնկեց լիբանանեան-հայաստանեան բարեկամութիւնը խորհրդանշող մայրիի ծառ մը:

Մամլոյ Միացեալ Ասուլիս

Նախագահներ Սարգսեան եւ Սլէյման` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Ապա նախագահներ Սլէյման եւ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ հայկական պատուիրակութիւններն ու մեծ թիւով լրագրողներ ուղղուեցան 22 նոյեմբերի դահլիճ եւ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին իւրաքանչիւր նախագահ արտասանեց իր խօսքը, ապա անոնք պատասխանեցին լրագրողներուն կողմէ իրենց ուղղուած հարցումներուն:

Միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին ինք նախագահ Սարգսեանի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները բարելաւելու անհրաժեշտութեան գծով, ինչպէս նաեւ երկու նախագահները ընդգծած են փոխադարձ այցելութիւնները աշխուժացնելու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ նախագահ Սարգսեանի ներկայացուցած է Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու եւ երկրին մէջ ազգային երկխօսութիւնը շարունակելու ջանքերը:

«Լիբանան կը զօրակցի Հայաստանի անկախութեան եւ գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ Անդրկովկասի մէջ տագնապներուն քաղաքական լուծման, յատկապէս Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին խաղաղ լուծման», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ լիբանանցիները հպարտ են լիբանանահայութեան կողմէ երկրին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային կեանքին մէջ ցուցաբերուած էական օժանդակութեամբ, ինչպէս նաեւ այն դերակատարութեամբ, որուն ընդմէջէն անոնք Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու իմաստով ճիգ չեն խնայեր:

Նախագահ Սարգսեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխան Արթիւն Նազարեան

«Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ լիբանանեան-հայաստանեան յարաբերութիւններուն մարդկային եւ մշակութային խորքը եւ այդ ծիրին մէջ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու կարեւորութիւնը, յատկապէս երբ Հայաստան կը տօնէ Հայ գրատպութեան 500-ամեակը եւ որուն առիթով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ Երեւան այս տարի ընտրուած է գիրքի միջազգային մայրաքաղաք», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Ան աւելցուց, որ ինք շնորհաւորած է նախագահ Սարգսեանը` Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան Հայաստանի լիիրաւ անդամակցութեան առիթով:

Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ժողովրդավարութիւնը պոյքոթի ենթարկելու աքթին դէմ է, եւ դարձեալ կոչ ուղղեց բոլորին` սրտբաց մասնակցելու Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին, ինչպէս նաեւ տապալելու նախապայմաններն ու փոխադարձ ամբաստանութիւնները: «Երբ հարցը ազգային հարց է, ապա զիջումներ չկան», աւելցուց ան:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել արաբեւիսրայէլեան տագնապը լուծելու եւ շրջանին մէջ արդար ու ամբողջական խաղաղութիւն հաստատելու համար: Ան անհրաժեշտ նկատեց նաեւ Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծում մը ապահովելու կարեւորութիւնը` առանց արիւնահեղութիւնը շարունակելու կամ օտար զինուորական միջամտութիւն ապահովելու:

Նախագահ Սարգսեան եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան

Իր կարգին, նախագահ Սարգսեան նշեց, որ ինք դարձեալ շնորհակալութիւն կը յայտնէ նախագահ Սլէյմանին` բարեկամ Լիբանան այցելելու հրաւէրին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար:

«Անցեալ տարի Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20-ամեակին առիթով պատիւ ունեցանք Հայաստանի մէջ հիւրընկալելու Լիբանանի նախագահը: Իսկ այս տարի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Լիբանան: Հետեւաբար այս այցելութիւններուն պարբերականութիւնը փաստ մըն է, որ մեր միջեւ հաստատուած է բարձր մակարդակի երկխօսութիւն եւ կը ձգտինք ունենալ բարձր մակարդակի յարաբերութիւններ ու այդ յարաբերութիւնները զարգացնելու ցանկութիւն», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ նախագահ Սլէյմանի հետ ունեցած է արդիւնաւէտ բանակցութիւններ, քննարկուած են հայ-լիբանանեան համագործակցութեան մէջ նորանոր ոլորտներ ընդգրկելու կարելիութիւնները, փոխանակուած են մտքեր` միջազգային եւ մասնաւորապէս Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի զարգացումներուն մասին: Ան աւելցուց, որ այդ շրջագիծին մէջ իրենք վերահաստատած են, որ իրենց յարաբերութիւնները հիմնուած են բարի կամքի, փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ:

«Այս տարին խորհրդանշական է, որովհետեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակին կը զուգադիպի: Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք նշել, որ այս ընթացքին մենք կրցած ենք ձեւաւորել միջխորհրդարանական, մշակութային, կրթական եւ գիտական կապեր: Ստորագրուած են աւելի քան 30 համաձայնագիրներ, որոնք այս այցելութեան ընթացքին երկու այլ համաձայնագիրներով աւելցան», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Ան յայտնեց, որ նախագահ Սլէյմանի հետ պայմանաւորուած են օգտագործելու բոլոր կարելիութիւնները` երկկողմանի տնտեսական համագործակցութիւնը խթանելու ուղղութեամբ: «Ուրախ ենք, որ վերջին հանգրուանին նկատելի դարձած է Լիբանանի աճող ներկայութիւնը` Լիբանանի տնտեսութեան մէջ», յայտնեց նախագահ Սարգսեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը ըսաւ նաեւ, որ ինք նախագահ Սլէյմանի փոխանցած է, թէ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ միջազգային ասպարէզին մէջ Լիբանանի հետ համագործակցութիւնը:

«Այդ շրջագիծին մէջ Հայաստանը իր դիրքորոշումները ձեւաւորելու ընթացքին հաշուի կ՛առնէ համաարաբական եւ մասնաւորապէս` Լիբանանի շահերը», ըսաւ ան:

Նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ Հայաստան խիստ մտահոգուած է Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեամբ եւ հոն ապրող հայութեան ճակատագիրով: «Սուրիոյ ժողովուրդը ամէնէն ծանր պայմաններուն գրկաբաց ընդունած է հազարաւոր հայեր, եւ Սուրիոյ ցաւը` մեր ցաւն է», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:

Ան աւելցուց, որ Հայաստան մշտապէս մասնակցած է արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու ջանքերուն: «Մենք դէմ ենք ուժի եւ բռնարարքներու գործադրութեան ամէնուր եւ ոչ միայն Սուրիոյ մէջ: Անկարելի է մնայուն լուծման յանգիլ, առանց բոլոր կողմերուն մօտ ընդհարումները կասեցնելու եւ առանց ընդգրկուն երկխօսութիւն կատարելու` հաշուի առնելով բոլոր սուրիացիներուն շահերը», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:

Ան շեշտեց, որ Հայաստան կ՛ողջունէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի եւ Արաբական լիկայի յատուկ բանագնաց Լախտար Իպրահիմիի առաքելութիւնը` սուրիական ներքաղաքական իրավիճակի կայունացման եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ:

«Լիայոյս ենք, որ վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնները կեանքի կոչելու պարագային Սուրիոյ մէջ կարելի ըլլայ խաղաղութիւն հաստատել, իսկ մօտիկ ապագային կարելի կը դառնայ ժողովրդավարական բարեփոխումներու գործադրութիւնը, որպէսզի այդ բարեփոխումներուն ընդմէջէն կարելի ըլլայ արտացոլացնել սուրիացիներու բոլոր հատուածներուն հաւաքական կամքն ու իղձերը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթին` նախագահ Սարգսեան վերահաստատեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստան կը շարունակէ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ուղղութեամբ քաղաքականութիւն վարել:

«Մենք կը բացառենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը բռնի ուժով լուծելու տարբերակը եւ հաւատարիմ ենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի միջնորդութեամբ այդ տագնապը բանակցային ճամբով լուծելու մեր յանձնառութեան: Ցաւօք սակայն, դրացի Ազրպէյճանը կ՛անտեսէ Մինսքի խմբակի բոլոր առաջարկները, կը շարունակէ սպառազինութեան աննախընթաց կուտակումը եւ իր ժողովուրդը կը պատրաստէ նոր պատերազմի: Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ ոճրագործ Սաֆարովի ներումն ու հերոսացումը անոր էութիւնը բացայայտող լաւագոյն ապացոյցներն էին: Այս մէկը ազգային հողի վրայ կատարուած յանցագործութեան շարունակութիւն է, ուրիշը ատելու եւ ցեղապաշտ ըլլալու ցցուն օրինակ», հաստատեց նախագահ Սարգսեան:

Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, որ հայերն ու լիբանանցիները միշտ առանձնացած են իրենց խաղաղասիրութեամբ: «Նախագահ Սլէյմանի հետ մենք համակարծիք էինք, որ ժողովուրդներու կամքը արտայայտող փոփոխութիւնները պէտք է իրագործուին խաղաղ քայլերով, առանց ուժի բանեցման, առանց զոհեր արձանագրելու եւ առանց ահաբեկչութեան: Այս առիթով, մենք խոր ցաւով իմացանք Պէյրութի մէջ 19 հոկտեմբերին պատահած ահաբեկչական գործողութեան լուրը եւ փութացինք դատապարտել նման որեւէ ստոր արարք ու յոյսով ենք, որ նման արարքներ չեն կրկնուիր եւ Լիբանանի կայունութիւնը չեն խախտեր», ըսաւ ան:

Նախագահ Սարգսեան յայտնեց նաեւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ առկայ իրավիճակը ուղղակիօրէն շաղկապուած է Հայաստանի անվտանգութեան հետ: «Մենք խորապէս շահագրգռուած ենք ներկայ հարցերուն շուտափոյթ յաղթահարումով եւ պատրաստակամ ենք մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ օժանդակելու այդ առաքելութեան: Կը մաղթեմ, որ մեր եղբայր ժողովուրդներուն պատմական ընթացքը գոյատեւէ, եւ մեզի միշտ ուղեկից դառնան խաղաղութիւնը, արդարութիւնն ու լաւատեսութիւնը», եզրափակեց նախագահ Սարգսեան:

Նահատակաց Հրապարակ Այցելութիւն

Կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, նախագահ Սարգսեան եւ հայկական պատուիրակութիւնը ուղղուեցան Կեդրոնական Պէյրութ:

Նախագահ Սարգսեան` ընկերակցութեամբ պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի, նախարար Ուալիտ Տաուքի, Պէյրութի նահանգապետ Նասիֆ Քալուշի եւ Պէյրութի քաղաքապետ Պիլալ Համատի, Նահատակաց հրապարակին վրայ ծաղկեպսակ մը զետեղեց` յարգելով Լիբանանի բոլոր նահատակներուն յիշատակը:

Ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք նախագահ Սարգսեան ուղղուեցաւ վարչապետարան:

Միքաթիի Մօտ

Նախագահ Սարգսեան եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ ընդունեց նախագահ Սարգսեանը եւ անոր ընկերակցող հայաստանեան պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացաւ կազմելու լիբանանեան-հայաստանեան յանձնախումբ մը` նախագահութեամբ երկու երկիրներու վարչապետներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ քննարկել երկկողմանի գործակցութեան բարելաւման ջանքերը: Այս առիթով վարչապետ Միքաթի Հայաստանի վարչապետին յղեց Լիբանան այցելութեան հրաւէր մը:

Միքաթի կոչ ուղղեց նաեւ ջնջելու բոլոր այն արգելքները, որոնք կը խոչընդոտեն լիբանանեան-հայաստանեան յարաբերութիւններուն ամրապնդումը, «յատկապէս երբ լիբանանահայութիւնը կրնայ օժանդակել այդ յարաբերութիւնները սերտացնելու աշխատանքին», ըսաւ ան:

Իր կարգին, նախագահ Սարգսեան շեշտեց, որ փոխադարձ այցելութիւնները կը նպաստեն երկկողմանի յարաբերութիւններուն բարելաւման: Ան աւելցուց, որ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու, ինչպէս նաեւ քաջալերելու երկկողմանի ներդրումները:

Ան մաղթեց, որ շրջանին մէջ հարցերը խաղաղ կերպով լուծուին, յատկապէս Սուրիոյ եւ սուրիացի ժողովուրդին համար, «յատկապէս այն իրականութեան համար, որ  Սուրիոյ մէջ ունինք հայկական պատմական գաղութ, որ հարուստ է իր աւանդներով եւ մշակոյթով», աւելցուց ան:

Ընթրիք` Պաապտայի Մէջ

Նշենք, որ երեկոյեան նախագահ Սլէյման Պաապտայի պալատին մէջ ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ նախագահ Սարգսեանի եւ հայկական պատուիրակութեան:

Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան իշխանութեան երեք պետերը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեան, ինչպէս նաեւ նախարարներ, երեսփոխաններ, զինուորականներ, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Ընթրիքին ընթացքին նախագահ Սլէյման իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Լիբանան զօրակից է Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծման, որուն համակարծիք է նաեւ Հայաստան:

«Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ կան բարեկամութեան յարաբերութիւններ, որոնք կը դրսեւորուին միջազգային շրջանակներուն մէջ փոխադարձ գործակցութեամբ: Ձեր Լիբանան այցելութիւնը պիտի ըլլայ առիթ մը` շարունակելու երկկողմանի գործակցութեան գծով երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ ստորագրուած համաձայնագիրներուն գործադրութեան սկսելու քայլերը», շեշտեց նախագահ Սլէյման:

Նախագահ Սարգսեանի Լիբանան տուած եռօրեայ պաշտօնական այցելութիւնը այսօր կը շարունակուի այցելելով հոգեւոր եւ կրթական հաստատութիւններ: Առաւօտեան նախագահ Սարգսեան պիտի այցելէ Անթիլիասի մայրավանք, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հետ, կէսօրին նախագահ Սարգսեան Հայկազեան համալսարանին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ ուսանողութեան հետ, իսկ յետմիջօրէին Զմմառու վանքին մէջ ներկայ կը գտնուի մշակոյթի նոր կեդրոնի բացման արարողութեան: Երեկոյեան լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ տեղի կ՛ունենայ ճաշկերոյթ` կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան:

 

Նախորդը

«Երկխօսութեան Այլընտրանքը Պատերազմն Է» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (28 Նոյեմբեր 1962)

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.