Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ կէսօրէ առաջ Մուխթարայի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց երկխօսութեան իր նախաձեռնութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ շեշտեց, որ ինք իր ջանքերուն գծով կանխաւ արդիւնքներ չի սպասեր` աւելցնելով, որ կարելի չէ ձեռնածալ մնալ եւ իրենց դերակատարութիւններէն խուսափիլ:
«Ազգային երկխօսութեան կառչած պէտք է մնալ, որովհետեւ անիկա միակ միջոցն է երկրին քաղաքական տարակարծութիւններուն վերջ մը դնելու», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն ընդունելու` բանիւ եւ գործով, որ երկրին իշխանութիւնը կը պատկանի լիբանանեան պետութեան:
Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց լիբանանեան տեղեկատուութեան մարզին գրգռութիւններ չհրահրելու. ան լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը հրաւիրեց գործելու Լիբանանի շահերուն ի խնդիր:
«Ես Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն, ինչպէս նաեւ այսպէս կոչուած Մարտ 14-ին մաս չեմ կազմեր, այլ` միջին ուղեգիծ մը որդեգրած եմ: Սակայն եթէ մենք երկխօսութիւն չկատարենք, ապա կառավարութիւն պիտի չկարենանք կազմել: Իսկ եթէ նոր կառավարութեան շուրջ համախոհութիւն չգոյանայ, ապա կառավարութիւնը պիտի հրաժարի, եւ ըստ սահմանադրութեան վարչապետի նշանակման նպատակով կատարուելիք երեսփոխանական պարտադիր խորհրդակցութիւններուն ընթացքին դարձեալ Նեժիպ Միքաթիի անունը պիտի առաջադրենք», ըսաւ ան:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Հըզպալլայի միջեւ յարաբերութիւնները բացառիկ են, սակայն անհրաժեշտ է Դիմադրութեան եւ բանակին միջեւ շփոթին վերջ տալ եւ զէնքին հեղինակութիւնը լիբանանեան պետութեան վստահիլ:
Ժոմպլաթ մերժեց Իրանի դէմ պատերազմիլ` լիբանանեան ներքին առումով, ինչպէս նաեւ մերժեց, որ Լիբանանը երկրորդ Կազա մը դառնայ:
Սուրիոյ տագնապը կրնայ ամբողջ շրջանը բռնկեցնել, եթէ մեծ պետութիւններուն կողմէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ յստակ մօտեցում մը եւ նախաձեռնութիւն մը չառաջադրուի` վերջ տալու համար Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին:
Միւս կողմէ, Ազգային պայքարի ճակատ պլոքի նախարարները նախանցեալ երեկոյեան այցելեցին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որուն ներկայացուցին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան մշակած նախաձեռնութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի նշեց, որ ինք կը զօրակցի այդ նախաձեռնութեան եւ կոչ ուղղեց բոլոր կողմերուն գործակցելու անոր հետ` շեշտելով, որ լիբանանցիներուն միջեւ տեսակէտներու մերձեցում ստեղծելու միակ միջոցը լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնն է, որուն շնորհիւ նաեւ կարելի պիտի ըլլայ յանգիլ հասարակ յայտարարներու:
Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր կարգին դրական կեցուածքներ արտայայտած է Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավարին առաջադրած նախաձեռնութեան նկատմամբ:


