Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պէտք Է «Պաապտայի Յայտարարութեան» Յանձնառու Մնալ, Վերադառնալ Երկխօսութեան Տրամաբանութեան Եւ Ընտրութիւնները Կատարել Ճշգրիտ Թուականին» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

November 22, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ երեկոյեան ժամը 8:00-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց դատական խորհուրդներու եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց ներկայութեան  լիբանանցիներուն փոխանցեց Լիբանանի անկախութեան 69-ամեակին առիթով իր պատգամը:

Նախագահ Սլէյման նշեց, որ անկախութեան տօնը առիթ մըն է կերտելու լիբանանեան հայրենիքը, զայն պաշտպանելու հաւանական դաւադրութիւններէ եւ զոհողութիւններ կատարելու` երկիրը պահպանելու համար ազատ, անկախ եւ գերիշխան:

«Երկրին անկախութիւնը չ՛ամրապնդուիր, եթէ Լիբանան իր առաջնահերթութիւնները չճշդէ եւ անոնց յանձնառու չմնայ: Այդ յանձնառութիւններուն շրջագիծին մէջ կ՛իյնայ Լիբանանը ներքին սադրանքներէ հեռու պահելը եւ զայն շրջանային տագնապներէ ու բախումներէ հեռացնելը, երկրին պաշտպանութեան ռազմավարութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացնելը, երկրին ճակատագրական հարցերուն լուծումը պետութեան վստահիլը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլին ստիպելը, որ ան գործադրէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Ան շեշտեց, որ անցնող չորս տարիներուն ընթացքին, լիբանանեան պետութիւնը ճիգ չէ խնայած ամրապնդելու երկրին ապահովական կայունութիւնը եւ յաջողած է իր առաքելութեան մէջ: «Իսկ երբ վրայ հասաւ Սուրիոյ տագնապը, ապա փութացինք որդեգրելու չէզոք կեցուածքի քաղաքականութիւնը եւ բանակն ու ապահովութեան ուժերը մղեցինք խստացնելու երկրին մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները: «Մենք այսօր պէտք է շատ աւելի մեծ ըլլանք այս խաղերէն, եթէ կ՛ուզենք պաշտպանել մեր անկախութիւնը: Պէտք է անշեղ մնալ եւ կատարեալ յանձնառութեամբ գործադրել «Պաապտայի յայտարարութեան» կէտերը` Լիբանանը շրջանային տագնապներէ եւ բախումներէ չէզոք պահելու համար, կառչած մնալ պաղեստինցի գաղթականներուն տունդարձի իրաւունքին, վերադառնալ երկխօսութեան տրամաբանութեան` լուծելու համար Լիբանանի ներքին քաղաքական հարցերն ու տարակարծութիւնները», ըսաւ ան:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին` առանց մտածելու ընտրութիւնները յետաձգելու հաւանականութեան մասին:

Ան շեշտեց, որ պէտք չէ դատական իշխանութեանց գործունէութեան միջամուխ դառնալ, ընդհակառակն` պէտք է օրէնքը պարտադրել:

Նախագահ Սլէյման անկախութեան իր պատգամը եզրափակեց ապահովական ուժերէն պահանջելով, որ ոչ մէկ ապօրինութեան, օրինազանցութեան կամ յանցանքի պարագային թուլութիւն ցուցաբերեն, մանաւանդ եթէ այդ օրինազանցութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է պետական անվտանգութեան դէմ սպառնալիքի կամ ներքին լիբանանեան առումով զէնքի ապօրինի օգտագործումին:

 

 

 

Նախորդը

Կազայի Մէջ Զինադադարը Ուժի Մէջ Մտաւ. Բազմահազար Պաղեստինցիներ Յաղթանակ Տօնեցին

Յաջորդը

Էլիզէի Մէջ Հոլլանտ Ընդունեց Վարչապետ Միքաթին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.