Ինչպէս ծանօթ է նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութիւնը` Ա. հանգրուանի մրցումներով:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, բաւական տպաւորիչ ձեւով մը սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ Սաֆայի դաշտին վրայ իր կատարած մրցումին ընթացքին 6-0 արդիւնքով ջախջախեց Ըխուաթ Խարայեպը (կիսախաղ` 3-0):
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սագօ Ազնաւուրեան, Սագօ Ապաճեան եւ Յակոբ Տօնապետեան (երեքն ալ երկուքական կոլ):
Հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Անթոնի Զէյտան իր ստացած երկու դեղին քարտերէն ետք 80-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ, սակայն ՀՄԸՄ յաջողեցաւ տասը մարզիկով նշանակել իր վեցերորդ կոլը:
Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի արձանագրած այս տպաւորիչ յաղթանակին մասնակից դարձան խումբին համակիրները, որոնք խիտ շարքերով ներկայ էին Սաֆայի դաշտին մէջ:
ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Ռիատի Ապպասիէ: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 25 նոյեմբերին, Պապլէի դաշտին վրայ (հարաւ):


