Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. «Քիտզ Աթլեթիքս»-ի Մրցումները Տեղի Ունեցան Մեծ Խանդավառութեամբ

November 19, 2012
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կազմակերպեց «Քիտզ Աթլեթիքս»-ի խաղերը` իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով: Մրցումները տեղի ունեցան կիրակի, 18 նոյեմբեր 2012-ին` առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ`  ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ (Պուրճ Համուտ): Մասնակցեցան 8 վարժարաններ, իւրաքանչիւրը` 12 աշակերտներով: Աշակերտները խումբերու բաժնուելէ եւ գունաւոր տարազներ ստանալէ ետք, ներկայացան 6 խաղերով, որոնք կ՛ընթանային զուգահեռաբար:

Աթլեթիզմի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչները մրցումներու ամբողջ տեւողութեան ներկայ էին եւ ցուցմունքներ կու տային մասնակցող աշակերտներուն: Ներկայ էր Լիբանանի Աթլեթիզմի ֆետերասիոնի փոխ նախագահ` Էլի Սաատէ,  ընդհանուր քարտուղար` Նաամաթալլա Պըժժանի, Ֆետերասիոնի մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ` Էլի Տաքեսեան եւ ֆետերասիոնի անդամ Ժան Ղաուի, նաեւ ՀՄԸՄի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն` Յակոբ Քէշիշեան, Հայկ Թապաքեան, Յարութ Ալաճաճեան, Նազօ Հապիպեան եւ Յովիկ Կէօզիւպէօյուքեան: Աշակերտներուն քաջալերելու եկած էին իրենց ծնողներն ու մարզիչները: Մարզիչներէն շատեր արդէն իսկ ներկայ գտնուած էին այս խաղերու նախօրեակին տեղի ունեցած միօրեայ սեմինարին, այսպիսով անոնք մասնակցեցան գործնական բաժնին:

Խաղերու աւարտին մետալներ եւ վկայագիրներ ստացան բոլոր մասնակիցները:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութենէն  Յակոբ Քէշիշեան յատուկ ԼԵՎԱՄ-ի յուշանուէր մը յանձնեց Նաամաթալլա Պըժժանիին, որ իր կարգին շնորհաւորեց ՀՄԸՄ-ը, որ երկար բացակայութենէ ետք վերստին վերելք կ՛արձանագրէ` գործակցելով Լիբանանի Աթլեթիզմի ֆետերասիոնին հետ:

Այս առիթով, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի եւ  Աթլեթիզմի  յանձնախումբերը, Լիբանանի Աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կողմէ ստացան «Քիտզ Աթլեթիքս»-ի պիտոյքները, զորս յանձնեց Էլի Սաատէ:

Յիշեցնենք, որ Աթլեթիզմի Միջազգային ֆետերասիոնի «Քիտզ Աթլեթիքս»-ի խաղերուն հովանաւորն է «Նեսլէ» ընկերութիւնը:

Մրցումին  նկարները` Studio Ashnag

ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

www.levam.org

Էլի Տագեսեանի Եւ Էլի Սաատէի Կարծիքը`
«Քիտծ Աթլեթիքս»-Ի Մասին

Օգտուելով «Քիտծ Աթլեթիքս»-ի մրցումներուն Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին անդամներուն ներկայութենէն` «Ազդակ» կարճ զրոյցներ ունեցաւ Էլի Տագեսեանի եւ Էլի Սաատէի հետ` այս մասին անոնց կարծիքը ունենալու նպատակով:

Էլի Տագեսեան ըսաւ. «Իսկապէս քաջալերելի է ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կատարած այս աշխատանքը, որովհետեւ անոր ընդմէջէն մեր մանուկները աւելի եւս կը սիրեն այս մարզաձեւը, որուն համար մեծ աշխատանք պէտք է տարուի, ապագայի ախոյեաններ ունենալու համար:

Յամենայն դէպս, կասկած չունինք, որ ՀՄԸՄ մի՛շտ ալ իր տիրական ներկայութիւնը ունեցած է լիբանանեան մարզաշխարհին մէջ»:

Էլի Սաատէ յայտնեց. «Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ը, այս պարագային ԼԵՎԱՄ-ը, որովհետեւ ան յաջողեցաւ հանդիսանալ առաջին միութիւնը, որ կիրարկեց «Քիտծ Աթլեթիքս»-ը` եւ ի մի խմբելով լիբանանահայ վարժարաններու երկսեռ աշակերտները: Անոնք, ինչպէս նաեւ մենք, ոչ մէկ ճիգ պէտք է խնայենք` շարունակելու այս երկար երթը, որովհետեւ եթէ հետեւողական աշխատանք չկատարենք, ոչ մէկ արդիւնքի կրնանք հասնիլ: Յաջողութի՛ւն ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին` իր առաքելութեան մէջ»:

 

 

 

Նախորդը

Ճատրակ. Աշխարհի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Հրակ Լախեան Ապահովեց 4,5 Կէտ, Նանոր Առնելեան` 4, Իսկ Քարլօ Դարբինեան` 2,5

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Ջախջախիչ Յաղթանակով Մը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը` 6-0 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնելով Ըխուաթ Խարայեպը

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.