Խրուաթիոյ Փորեչ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող բռնցքամարտի Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը աւարտեց իր ելոյթները:
Վաղարշակ Քէյեան (55 քկ) եւ Դաւիթ Սիմոնեան (90 քկ) բարձրացան պատուոյ հարթակի 3-րդ աստիճանը` նուաճելէ ետք պրոնզէ մետալներ:
Երկու հայ մարզիկներն ալ իրենց կիսաւարտական մրցումներուն պարտութիւններ կրած էին: 55 քկ կշիռի կիսաւարտականին, Վաղարշակ Քէյեան 4-1 արդիւնքով պարտուեցաւ ուքրանացի Պոկտան Չելտիքէն, իսկ 90 քկ կշիռի կիսաւարտականին, Դաւիթ Սիմոնեան նաք-աութով պարտուած էր ֆրանսացի Ճունիոր Դատայէն:
Նշենք, որ Հայաստան 9 ներկայացուցիչներով մասնակցած էր այս մրցաշարքին:
Մինչեւ կիսաւարտական հասնիլը, Սիմոնեան յաղթած էր իր թուրք մրցակից Մոհամետ Ֆուրքան Քարատաղին եւ նաք-աութով անգլիացի Էմանուէլ Քարկպոյին, մինչ Վաղարշակ Քէյեան յաղթած էր շուէտացի Ճոշուա Մուինտային (4-0) եւ լեհ Նիքոլաս Փաւլիքին (5-0):


