ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի «Տէմիրճեան» կեդրոնի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 18 նոյեմբեր երեկոյեան ժամը 8:00-ին, դասական երաժշտութեան համերգ մը տեղի ունեցաւ համանուն կեդրոնին մէջ: Նաքքաշ:
ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մարմնի ընդհանուր տնօրէն Անիթա Լիպիար բացումը կատարեց ձեռնարկին, ողջունելով ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնելով այս ձեռնարկի իրագործման նպաստողներուն, յատկապէս Սարգիս եւ Սեդա Տէմիրճեան մեկենասներուն: Ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան հիւր արուեստագէտները ընդգծելով, որ սոյն ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու կարիքաւոր սաներուն:
Ապա աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հանրածանօթ դաշնակահար Վահան Մարտիրոսեան եւ անուանի ջութակահար Միքայէլ Սիմոնեան նուագեցին հատուածներ հայ թէ օտար դասական երաժշտութեան դէմքերէն, ինչպէս` Արամ Խաչատուրեան, Շոփեն, Ռավել, Պրահմզ, Քրայզլըր, եւ Փիազուլա: Խաչատուրեանի «Սուսերամարտ»-ը, Ռավել-ի «Ձիկան»-ը եւ այլ գլուխ գործոցներու ներկայացումով Սիմոնեան-Մարտիրոսեան զոյգը հանդիսատեսները փոխադրեցին դասական երաժշտութեան տիտաններու աշխարհը:
Դաշնակահար Վահան Մարտիրոսեան ֆրանսերէնով վարպետօրէն կատարեց բեմավարի դերը: Անոր մատներուն ճկուն թափառումը դաշնակի լարերուն վրայ խիստ հեզասահ ներդաշնակութեամբ կ՛ընթանար ջութակահար Միքայէլ Սիմոնեանի հանճարեղ ձայնային սահանքներուն հետ: Ընդառաջելով ներկաներուն փափաքին, անոնք քանի մը անգամ հարկադրուեցան կրկնել նուագը:
Վահան Մարտիրոսեան պատասխանելով «Ազդակ»-ի հարցումին` յայտնեց, որ հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ծիրին մէջ նախատեսուող 100 համերգներուն իրենք եւս պիտի մասնակցին, ամբողջական պատրաստակամութիւն յայտնելով, իրենց կարողութիւներով նպաստելու հայ ժողովուրդին ու Հայ դատին:


