Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Զ. Տարելիցին Առիթով` «Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը Պիտի Մնայ Մայրիներու Յեղափոխութեան Սկզբունքները Պաշտպանող Յառաջամարտիկը» Շեշտեց Ամին Ժեմայէլ

November 19, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին նախարար Փիեռ Ժեմայէլի սպանութեան Զ. տարելիցին առիթով, երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ժտէյտէի Մար Անթոնիոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն ներկայ գտնուեցան` նահատակ նախարարին ընտանիքը, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ներկայացուցիչ նախարար Նազեմ Խուրի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ երեսփոխան Ապտել Լաթիֆ Զէյն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ներկայացուցիչ, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով նախարարներ, երեսփոխաններ եւ ներկաներու հոծ բազմութիւն մը:

Հոգեհանգստեան արարողութեան նախագահեց մարոնիներու Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը, որ յայտնեց, թէ Փիեռ Ժեմայէլի դէմքը լիբանանցիներուն սիրտերէն եւ յիշողութենէն անբացակայ մնաց, շնորհիւ անոր նկարագիրին, որ սիրալիր էր, քաջ եւ թափանցիկ:

Ան նշեց, որ Փիեռ Ժեմայէլ աշխատեցաւ ի խնդիր լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ կայունութեան:

Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին նահատակ նախարարին անդրանիկ զաւակը` Ամին Փիեռ Ժեմայէլ արտասանեց խօսք մը, որուն ընթացքին նշեց, որ իրենց կարծիքով Փիեռ Ժեմայէլ պիտի ըլլար Լիբանանի վերջին նահատակը, «սակայն ատելութեամբ լեցուն ոճրագործը տակաւին կը մնայ անկուշտ, իսկ մենք ներկայութիւն պիտի ըլլանք ամէն անգամ, որ Լիբանան վտանգի ենթակայ ըլլայ», ըսաւ ան:

Իր կարգին, Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը պիտի ըլլայ Մայրիներու յեղափոխութեան պաշտպանող յառաջամարտիկը «այն սկզբունքներուն, որոնց համար պայքարած եւ նահատակուած էր իմ զաւակս, երեսփոխան Անթուան Ղանեմը, նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին եւ Մայրիներու յեղափոխութեան բոլոր նահատակները: Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Մայրիներու յեղափոխութեան միջեւ միայն մահն է, որ պիտի բաժնէ», ըսաւ ան:

Ամին Ժեմայէլ խօսքը ուղղելով իր նահատակ զաւկին` հաստատեց, որ անոր յիշատակը անթառամ է իրենց մէջ` աւելցնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն պայքարը մինչեւ որ իրականանան բոլոր նպատակները:

Ամին Ժեմայէլ հաստատեց նաեւ, որ իրենք կը մերժեն կիսատ արժանապատուութիւնը, կիսատ գերիշխանութիւնն ու Լիբանանի տարածքին բանակին կիսատ իշխանութիւնը: «Մենք կ՛ուզենք, որ լիբանանեան բանակը առանց գործակիցի իշխէ 10,452 քառ. քիլոմեթրի տարածքին», յայտնեց ան:

Նշենք, որ երիտասարդական եւ ուսանողական քայլարշաւ մը կատարուեցաւ դէպի Ժեմայէլի սպանութեան վայրը, ուր կատարուեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում:

 

 

 

Նախորդը

Ռայի Պատրիարքը Ուղղուեցաւ Գահիրէ, Ապա` Վատիկան

Յաջորդը

«Կառավարութիւնը Պիտի Շարունակէ Իր Առաքելութիւնը Մինչեւ Քաղաքական Հաւանական Լուծում» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.