Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծ Խանդավառութեամբ Սկսաւ «Երգ Երգոց» Երգի Մրցանքը

November 19, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` կիրակի, 18 նոյեմբեր 2012-ին` երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երգ երգոց» երգի մրցանքը, ներկայութեամբ արուեստագէտներու, արուեստասէրներու եւ մասնակիցներուն համակիրներուն:

Հանդիսութեան հաղորդավարներն էին Վարդան Ազնաւուրեան եւ Փաթիլ Տէտէեան: Մրցանքի առաջին հանգրուանին, որ էսդրատային երգերու յատկացուած էր, իրենց մասնակցութիւնը բերին տասը մասնակիցներ` Ալիս Իփրաճեան, Յարութ Լափաճեան, Նշան Հաննէշեան, Գոհար Յակոբեան, Պօղոս Մալեան, Նարեկ Շանոյեան, Վարանդա Եագուպեան, Մկրտիչ Աւետանեան, Հայկանա Մուրատեան եւ Դալար Սիմոնեան: Իսկ դատական կազմին մաս կը կազմէին Ատիս Հարմանտեան, Պարգեւ Թասլաքեան եւ Շողիկ Թորոսեան:

Առաջին հանգրուանին իւրաքանչիւր մասնակից երգեց իր նախասիրած երգը, որուն մասին դատական կազմը փոխանցեց իր տեսակէտն ու նկատողութիւնները:

Հանդիսութեան հիւրաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին «Երկու Աստղ» երգի մրցանք մասնակիցներ Իվոն Այվազեան եւ Կարօ Ակոբեան:

Յայտնենք, որ երգողներուն կը նուագակցէր Ախթամար նուագախումբը:

Աւարտին, դատական կազմի անդամները մեծապէս գնահատեցին մասնակիցներուն աշխատանքը եւ նման մրցանքի մը մասնակցելու քաջութիւնը:

Հանդիսութեան 30 առ հարիւր քուէով եւ դատական կազմի 70 առ հարիւր քուէով երկրորդ հանգրուան անցան Ալիս Իփրաճեան, Յարութ Լափաճեան, Նշան Հաննէշեան, Պօղոս Մալեան, Վարանդա Եագուպեան եւ Դալար Սիմոնեան:

Նշենք, որ երգի մրցումին երկրորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 22 նոյեմբեր 2012-ին:

 

 

Նախորդը

Ջութակահար Միքայէլ Սիմոնեան Եւ Դաշնակահար Վահան Մարտիրոսեան Ներկայացուցին Շոփենի, Խաչատուրեանի Եւ Նման Տիտաններու Երաժշտութիւն

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Խաչիկ Պապիկեան Հիմնադրամ»-ը Կը Շարունակէ Քաջալերել Լիբանանահայ Շնորհալի Աշակերտները

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.