Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր ջերմագին շնորհաւորութիւնները յայտնեց լիբանանցի ժողովուրդին: Այս առիթով Դիմատետրի վրայ հրապարակուած գրառումի մը մէջ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը վերահաստատեց իր կառչածութիւնը ազատութեան, գերիշխանութեան եւ անկախութեան սկզբունքներուն, որոնք հիմնական յենասիւները կը կազմեն ազատ եւ անկախ հայրենիքի կերտման:
Այս ազգային իրադարձութեան առիթով Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ընդգծեց իր ամուր յանձնառութիւնը պաշտպանելու Լիբանանի գերիշխանութիւնը, միասնականութիւնը եւ արժանապատուութիւնը` քաջ գիտակցելով, որ հայրենիքներու անկախութիւնը չ՛ամբողջանար, բացի եթէ յարգուին անոնց ժողովուրդներուն իրաւունքները, ազատութիւնը եւ ազատ որոշումը:
«Կեցցէ՛ ազատ, գերիշխան եւ անկախ Լիբանանը», եզրափակեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը:


