Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտոսի Վարչապետը Այցելեց Կազա. Իսրայէլ Ծառայութեան Կը Կանչէ Պահեստի Յաւելեալ Ուժեր. «Յարձակումը Համասի Վրայ Չէ, Այլ` Բոլոր Պաղեստինցիներուն» Միասնութեան Կոչ Ուղղելով Յայտարարեց Ապպաս

November 17, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին խիստ ոճով քննադատեց արեւմտեան ու արաբական այն յայտարարութիւնները, թէ Կազայի վրայ շղթայազերծուած իսրայէլեան յարձակումը Համասի դէմ ուղղուած է:

«Ոչ ոք իրաւունք ունի ըսելու, թէ այս յարձակումը Համասի, Իսլամական Ժիհատի, Կազայի կամ այլ հատուածի մը դէմ ուղղուած է: Յարձակումը համայն պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ է, եւ բոլորս պարտինք մէկ ձեռք, մէկ կեցուածք ունենալ: Այսպիսի օրեր հրամայական կը դարձնեն ներպաղեստինեան հաշտութիւնն ու միասնութիւնը», ըսաւ ան:

Ապպաս յայտնեց, որ պաղեստինեան իշխանութիւնը հաղորդակցութեան մէջ մտած է Եգիպտոսի, Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին հետ` պահանջելով, որ անոնք ընեն իրենց կարելին` կասեցնելու համար Կազայի վրայ յարձակումը:

Իսրայէլեան իշխանութեան նախագահը երէկ գիշեր հեռաձայնեց Կազա հաստատուած Համասի կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիէի:

Իսրայէլեան Նոր Զօրակոչ

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի երկրորդ ալիքը երէկ հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաքի առաջարկով ապահովական հարցերու նախարարական սեղմ ժողովը որոշած է զօրակոչի ենթարկել պահեստի 75 հազար զինուոր:

Նախանցեալ օրուան նոյնպիսի ժողով մը որոշած էր 30 հազար պահեստի զինուոր ծառայութեան կանչել:

Միւս կողմէ Իսրայէլի ներքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլի տեղական ինքնակառավարման իշխանութիւններէն պահանջեց 7 շաբաթեայ պատերազմի պատրաստուելու:

Օդանաւի Հարց

Երէկ յետմիջօրէին տեղեկատուական աղբիւրներ հաղորդեցին, որ պաղեստինցիք վար առած են իսրայէլեան զինուորական օդանաւ մը:

Իսրայէլեան բանակի բանբերներէն Աւիխայ Ատրեհի «Ճազիրա»-ին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին հերքեց այդ տեղեկութիւնները:

Եգիպտոսի Վարչապետը
Կազա
Այցելեց

Եգիպտոսի վարչապետ Հիշամ Քանտիլ` եգիպտական պատուիրակութիւն մը գլխաւորելով երեք ժամ տեւողութեամբ այցելութիւն մը տուաւ Կազա: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Իսրայէլ Եգիպտոսի վարչապետի Կազա այցելութեան ընթացքին պիտի դադրեցնէ հարուածները, պայմանով, որ Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակումներ չկատարուին, բայց եւ այնպէս հրթիռարձակումներ կատարուեցան, եւ Համաս ստանձնեց անոնց պատասխանատուութիւնը: Եգիպտոսի վարչապետի հեռանալէն ետք Իսրայէլ Կազայի դէմ յարձակումներուն յաճախականութիւնը աւելցուց:

Կազայի մէջ կառավարութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ Եգիպտոսի վարչապետին հետ Կազայի մէջ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ` «Եգիպտոսի վարչապետ Հիշամ Քանտիլի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը Կազա կու գան նոր վէրքերը ամոքելու համար եւ հաստատելու, որ Եգիպտոսի բնակչութիւնը չի կրնար Կազայի բնակչութեան դէմ յարձակումը ընդունիլ»:

Հանիյէ աւելցուց, որ այս պատմական այցելութեան համար կ՛ողջունէ  Եգիպտոսի կառավարութիւնը, ժողովուրդը եւ կուսակցութիւնները` նշելով, որ այցելութիւնը յեղափոխութիւն կատարած Եգիպտոսի վայել է: Ան գնահատեց Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի Կազայի դէմ յարձակումին առաջին օրն իսկ որդեգրած որոշումները, որոնք ան նկատեց Իսրայէլի ուղղուած պատգամ մը, թէ` «Եգիպտոս անոր պիտի չարտօնէ Կազայի ճակատագիրը մինակը ճշդել»:

Եգիպտոսի վարչապետ Քանտիլ, իր կարգին յայտնեց, որ Կազա իր այցելութիւնը յանուն եգիպտացի ժողովուրդին պաղեստինցի ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնելն է: «Յեղափոխութեան Եգիպտոսը պաղեստինցիներուն կողքին կը կանգնի մինչեւ հաստատեն ամբողջական գերիշխանութեամբ իրենց պետութիւնը», ըսաւ ան աւելցնելով, որ «յեղափոխութեան Եգիպտոսը ջանք պիտի թափէ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման եւ անոր գոյատեւման համար»` շեշտելով, որ հարկ է պաղեստինցի ժողովուրդը միաւորել, որովհետեւ անոր ուժը իր միասնականութեան մէջ է եւ այդ է պաղեստինեան դատի բարեյաջող աւարտի ուղին:

«Պաղեստինը արաբական եւ իսլամական ժողովուրդի բաբախուն սիրտն է, եւ ժողովուրդը առողջ պիտի չըլլայ, եթէ սիրտը հիւանդ մնայ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «կարելի չէ այս ողբերգութեան նկատմամբ լուռ մնալ եւ միջազգային ընտանիքը պէտք է քայլեր առնէ, իսկ Եգիպտոս իր քայլերը կ՛առնէ եւ արդէն Թել Աւիւի մէջ իր դեսպանը տուն կանչած է»:

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի Կազայի դէմ յարձակումը «վտանգաւոր հարց մը» նկատեց` հաստատելով, որ «Եգիպտոս Կազան առանձին պիտի չձգէ եւ Իսրայէլ պէտք է խեղկատակութիւնը դադրեցնէ, այլապէս պիտի բարկանանք»:

Իսրայէլ, Արեւմուտքն Ու Արաբներ
Կը
Մեղադրեն Համասը

Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոն «Իսրայէլի ձայն» ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Կազայի մէջ զինուորական գործողութեան կը զօրակցի` աւելցնելով, որ «այդ զօրակցութիւնը կ՛աճի պաղեստինեան հրթիռարձակումներու շարունակման զուգահեռ»:

Այալոն, որ Նիւ Եորք կ՛այցելէ, յայտնեց, թէ` «ամերիկացիները ունին այն կարծիքը, որ Իսրայէլի ո՛չ միայն իրաւունքը, այլ նաեւ պարտաւորութիւնն է իր քաղաքացիները պաշտպանել, մանաւանդ որ Ուաշինկթըն Համասը ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը նկատէ»: Ըստ անոր, եւրոպական պետութիւնները եւս, հակառակ անոնց զգուշաւոր յայտարարութեանց, իսրայէլեան կեցուածքին կը զօրակցին:

Այալոն նշեց, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ զրուցած աղբիւրներէ տեղեակ դարձած է, որ Քի Մուն Կազայի մէջ կացութեան մագլցումի պատասխանատուն Համասը կը նկատէ:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Եգիպտոսին կոչ ուղղեց` կացութեան հանդարտեցման համար Համասի վրայ իր ունեցած ազդեցութիւնը օգտագործելու:

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիին կոչ ուղղած է` օգտագործելու իր երկիրի ունեցած ազդեցութիւնը` իսրայէլեւպաղեստինեան հակամարտութիւնը լուծելու ու Կազայի մէջ բռնարարքներուն վերջ տալու համար:

Ամերիկեան վարչակազմը պահանջած է, որ Համաս դադրեցնէ Իսրայէլի դէմ հրթիռարձակումը եւ պնդած, որ գործողութիւններու պատասխանատուն Համասն է:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Քամել Ամրօ իր կարգին ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղած է` «անյապաղ միջամտելու` Կազայի դէմ իսրայէլեան կողմի յարձակումը դադրեցնելու համար», սակայն Միացեալ Նահանգներ հրաժարած են այդ մէկը կատարելէ եւ ստեղծուած իրավիճակի համար մեղադրած Համասը: Այս հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ համակարծիք է նաեւ Ֆրանսան:

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Քաթրին Էշթըն յայտնեց, որ «Իսրայէլի եւ Կազայի մէջ բռնարարքներէն մեծապէս մտահոգ է»` կոչ ուղղելով «Համաս շարժումի շղթայազերծած հրթիռային յարձակումները դադրեցնելու»: Ան Իսրայէլի կոչ ուղղեց` պատշաճ ձեւով հակադարձելու:

Սէուտական «Ուաս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը հինգշաբթի երեկոյեան Եգիպտոսի նախագահին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնած է, որ հարկ է կացութիւնը հանդարտեցնել եւ ողջամիտ գտնուիլ ու չարտօնել, որ զգացականութիւնը իմաստութեան վրայ գերիշխէ:

Սալեհի Պատրաստ` Երթալու Կազա

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի երէկ պատրաստակամութիւն յայտնեց մեկնելու Կազա` վերահաստատելու համար Թեհրանի զօրակցութիւնը պաղեստինեան դիմադրութեան:

Իրանի պետական լրատու գործակալութիւնը` ԻՐՆԱ, երէկ հաղորդեց, որ Սալեհի «Պաղեստինի մէջ իսլամական Ժիհատ» շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ապտալլա Շալահի հետ հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին անոր նաեւ հաւաստած է, որ Թեհրան պիտի շարունակէ քաղաքական ու բարոյական զօրավիգ մնալ Պաղեստինի, եւ անմիջապէս պիտի փութայ առաքելու մարդասիրական օժանդակութեան` դեղորայք եւ սննդանիւթ:

«Անգարա Պատրաստ Է Կազայի Մէջ Գործողութիւնները
Դադրեցնելու
Համար Իսրայէլի Հետ Բանակցութիւններու
Սկսելու
»

Կ՛ըսէ Արընչ

Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ յայտարարեց, որ հակառակ անոր որ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները ներկայիս սառեցուած են, սակայն Անգարա պէտք է Կազայի մէջ ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու համար Թել Աւիւի հետ բանակցութիւններ վարէ:

«Թուրքիա եւ Իսրայէլ պէտք է բանակցութիւններ վարեն Կազայի մէջ հարուածները դադրեցնելու եւ խաղաղ բնակիչներու զոհուիլը կանխարգիլելու համար», ըսած է Արընչ:

Ան կացութիւնը «ողբերգական» որակած է եւ նշած, որ Թուրքիան կարելին պիտի ընէ Կազայի դէմ Իսրայէլի յարձակումը դադրեցնելու համար:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին Կազայի հարցին առնչութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հետ: Հարցը պիտի քննարկուի նաեւ այսօր, երբ Էրտողան Եգիպտոս այցելէ:

Նշենք, որ երէկ փոխադարձ բուռն ռմբակոծումները շարունակուեցան: Մինչ Իսրայէլ Կազայի մէջ տարբեր շրջաններ ռմբակոծեց, պաղեստինցիները ռմբակոծեցին Ստերոթը, Քիրիաթ Կաթը, Պիր Սապահը, Աշքոլի շրջանային խորհուրդը, Իլաթը, մայրաքաղաք Թել Աւիւը եւ մինչեւ իսկ Երուսաղէմի մէջ գտնուող Քնեսեթի շէնքին ուղղութեամբ հեռահաս հրթիռ մը արձակեցին: Իսրայէլեան ռմբակոծումին պատճառով Կազայի մէջ արձանագրուեցաւ աւելի քան 20 զոհ եւ 250 վիրաւոր:

Նշենք, որ Երուսաղէմի մէջ Կազայի ռմբակոծման դէմ բողոքի ցոյց կատարող պաղեստինցի քաղաքացիներու եւ իսրայէլեան ոստիկանութեան միջեւ բախումներ տեղի ունեցան:

Երեկոյեան ուշ ժամերուն, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը հաղորդեց, որ 9 իսրայէլացի նախարարներէ կազմուած յանձնախումբին ուղղուածութիւնը` Կազայի մէջ գործողութիւններու ընդլայնման կանաչ լոյս տալու կողմը կ՛ընթանայ:

Նախորդը

«Կ՛ուզեմ Ազգային Համաձայնական Մարմինը Ճանչնալ, Սակայն Նախ Կ՛ուզեմ Ատոր Ծրագիրները Լսել» Ըսաւ Հէյկ

Յաջորդը

Լիբանանի Եւ Իրանի Միջեւ Գործակցութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.