Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմին արտաքին քաղաքականութիւնը ունի հիմնական որոշ սկզբունքներ, որոնք նախագահին փոփոխութեամբ չեն փոխուիր:
Քոնելլի շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգները իրենց քաղաքական քայլերը կ՛որդեգրեն մարդկային իրաւունքներու չափանիշերուն վրայ հիմնուելով:


