Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկացի Ֆութպոլիստները «Կը Նախատեսեն», Որ Այսօր Ռոմնին Պիտի Յաղթէ. Ռոմնիի Եւ Օպամայի Կրօնքը Մուտք Կը Գործէ Նախագահական Ընտրապայքար

November 6, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տասնամեակներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան թեկնածուներուն կրօնական պատկանելիութեանց շուրջ վերլուծումներն ու մեկնաբանութիւնները լրատուամիջոցներուն մէջ ներկայ եղած են: Այդ սովորութիւնը ընթացք առաւ, երբ Ճոն Քենետի  դարձաւ մեծամասնութեամբ բողոքական բնակչութիւն ունեցող Միացեալ Նահանգներու առաջին կաթողիկէ նախագահը: Սակայն ներկայիս այդ թղթածրարը մեծ ուշադրութեան կ՛արժանանայ այն պատճառով, որ Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Միթ Ռոմնի մորմոն է, իսկ գործող նախագահ Պարաք Օպամա իր նստաշրջանի ամբողջ շրջանին ջանաց փարատել այն թիւրըմբռնումը, թէ ինք իսլամ է:

Վերջին երկու տարիներուն ընթացքին այս սխալ կարծիքը ունեցող ամերիկացիներուն թիւը բարձրացած է: 2012-ին ամերիկացիներուն մէկ հինգերորդը կը հաւատար, թէ Օպամա իսլամ է: 2009-ին այդ թիւը մէկ տասներորդ էր: Հարցախոյզին մասնակիցներուն մէկ երրորդը կը հաւատայ, թէ ան սուտ չի խօսիր, երբ կը պնդէ, թէ քրիստոնեայ է: Արդարեւ, Օպամա սեպտեմբեր 2010-ին հրապարակած էր յատուկ այս հարցին վերաբերող հաղորդագրութիւն մը` նշելով, որ «ես անձնական ընտրանքով քրիստոնեայ եմ: Ընտանիքս ամէն շաբաթ եկեղեցի գացող չէր, ուստի կեանքիս մէջ աւելի ուշ տիրացայ քրիստոնէական հաւատքիս»:

Ռոմնի կը պնդէ, որ ամերիկացի ժողովուրդը կ՛ուզէ Սպիտակ տան մէջ «հաւատքի արժէքներուն» տէր անձ մը տեսնել, անկախաբար այդ արժէքներու բնոյթէն, այնքան ատեն որ ուրիշներու հետ «հասարակաց սկզբունքներ» կը պարունակէ: Բայց եւ այնպէս այդ պնդումները չկրցան փարատել շատերու այն մտավախութիւնը, որ Ռոմնի կրնայ իր եկեղեցւոյ ղեկավարութեան տեսակէտներուն ենթակայ ըլլալ:

Միւս կողմէ, «Եու.Էս.Էյ.Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ ամերիկեան ֆութպոլի Ուաշինկթըն Ռետսքինզ եւ Քարոլայնա Փենթըրզ խումբերու ճակատումին արդիւնքները կը վկայեն այսօր սպասուած նախագահական ընտրութեան մէջ Միթ Ռոմնիի յաղթանակին մասին:

Ըստ աւանդութեան, որ ծանօթ է «Ռետսքինզի կանոն» անունով, ընտրութենէն առաջ վերջին խաղին նշեալ խումբին պարտութիւնը կը վկայէ իշխող նախագահի պարտութեան մասին:

4 նոյեմբերին անոնք իրենց դաշտին վրայ 21-13 արդիւնքով պարտութիւն կրած են` այդպիսով «չքացնելով» Պարաք Օպամայի վերընտրութեան կարելիութիւնը:

Յատկանշական է, որ 2008-ին Օպամա նախագահ ընտրուած էր «Ռետսքինզի կանոն»-ին համաձայն, երբ օրին Ուաշինկթըն Ռետսքինզ խումբը նոյնպէս պարտուած էր եւ դեմոկրատական Օպամա փոխարինած էր Սպիտակ տան մէջ նստող հանրապետական նախագահին:

Օպամայի նախնիներու գիւղի կախարդը այլ կարծիք ունի: «Ուաշինկթըն Փոսթ» կը յայտնէ, որ Օպամայի նախնիներու գիւղին` քենիական Քոկելոյի կախարդ Ճոն Տիմըն կը պնդէ, որ ինք 105 տարեկան է եւ ընտրութիւններուն ելքը անոր օգնած է նախատեսել ոսկորները, խեցիները եւ այլ իրեր: Ատոնք խառնելով նետելէ ետք Տիմըն յայտնած է.«Օպամա չափազանց յառաջ է, եւ յստակ կերպով ան պիտի յաղթէ»:

Նշենք, որ Քոկելոն Օպամայի հանգուցեալ հօր գիւղն է: Անոր եւ քենսասցի սպիտակամորթ կնոջ ամուսնութենէն ծնած Օպամա Քենիոյ մէջ 5 եղբայր եւ 1 քոյր ունի:

Երէկ հրապարակուեցաւ «Էն.Պի.Սի» պատկերասփիւռի կայանին կատարած հարցախոյզը, որ ցոյց կու տար, թէ Օպամա պիտի տիրանայ ամերիկացիներու քուէներուն 48 առ հարիւրին, իսկ Ռոմնի` 47 առ հարիւրին:

 

 

Նախորդը

Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Յաջորդը

Ամմանի Մէջ Լաւրով Այսօր Հանդիպում Պիտի Ունենայ Սուրիոյ Ընդդիմութեան Պատուիրակութեան Հետ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.