Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Ընտրութիւններու Սեմին.- Ի Նպաստ Ոչ Ոքի

October 30, 2012
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հայրենիք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահական  ընտրարշաւը հասած է իր աւարտական հանգրուանին, եւ համեմատած չորս տարի առաջուան կատարուած «Ի նպաստ Օպամա»-ի աշխատանքին` շատ բան փոխուած է: Եւ այս ստեղծուած իրադարձութիւններուն արդիւնք է, որ ամերիկահայը որոշած է այս անգամ ձեռնածալ մնալ եւ երբեք չտանիլ այս կամ այն թեկնածուին ի նպաստ աշխատանք:

Անտարբերութիւն չէ այս կրաւորական կեցուածքը, ոչ ալ` քաղաքական ճկունութիւն, «շանթաժ» կամ «պլէքմէյլ», այլ պարզ ու մեկին` անտարբերութեան դէմ… պարզապէս անտարբերութիւն:

Արդարեւ, ո՛չ դեմոկրատական թեկնածու նախագահ Օպաման, ո՛չ ալ հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնին ի նպաստ Հայ դատին եւ Հայոց ցեղասպանութեան արտայայտութիւններ ունեցան:

Ռոմնիի պարագային, բազմիցս փորձեր կատարուեցան, որպէսզի ան բացայայտէ իր կարծիքն ու մօտեցումը, սակայն դժբախտաբար Մասաչուսեցի նախկին կառավարիչին համար այլ բնագաւառներ եւ անշուշտ քուէներ աւելի կը հետաքրքրէին, մինչդեռ 2008-էն ի վեր Սպիտակ տան վարձակալ Պարաք Օպամա, որ միշտ ալ խոստումներ տուած էր, բազմիցս խուսափեցաւ եւ գէթ քաջատեղեակ ըլլալով «Եղեռն» եւ «Ցեղասպանութիւն» եզրերու տարբերութենէն` շարունակ եւ նոյնիսկ Մեսրոպաշունչ լեզուով նշեց «Մեծ եղեռն»-ը, գերադասելով զգացականը` լեմքինեան ցեղասպանութիւն բառի իսկական արդարադատութենէն:

Մինչ այդ նախագահ Օպամայի խոստումնադրուժ ըլլալու առաջին ազդանշանը մարտ 2009-ի եկաւ,  երբ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ գտնուելով` ոսկի առիթ մը կորսնցուց եւ չօգտագործեց «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառն ու բացատրութիւնը: Աւելի՛ն. ան Թուրքիոյ կոչ ըրաւ վերատեսութեան ենթարկել իր անցեալը, եւ հուսկ, ան բաւարարուեցաւ այն դարձդարձիկ նշումով մը, որ իր անձնական տեսակէտը այս հարցով անփոփոխ կը մնայ:

Դեռ աւելի՛ն. նախագահ Օպամա, որ ղեկավարման չորս տարիներու ընթացքին հայ համայնքին հետ ոչ մէկ հանդիպում ունեցաւ` հակառակ ամերիկահայերու հետ մօտէն  աշխատելու իր խոստումին, նաեւ չկատարեց իր խոստումները բազմաթիւ այլ բնագաւառներու առնչութեամբ: Դեռ աւելի՛ն. նախագահ Օպամա բազմիցս փորձեց նուազեցնել Հայաստանին յատկացուող արտաքին օժանդակութիւնը եւ հակառակ անոր որ խոստացած էր Հայաստանի հետ առեւտուրին զարկ տալ, ան ոչ մէկ գործնական քայլ առաւ: Իսկ Արցախի հիմնահարցին գծով ան ազերիամէտ պաշտօնեայ մը` Մեթիու Պրայզան, նշանակեց Պաքուի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան:

Այս բոլոր անցուդարձերուն լոյսին տակ, ամերիկահայը մտադրած է մնալ անտարբեր եւ քուէարկել ոչ ոքի:

 

 

Նախորդը

Սահմանամերձ Այգեհովտի Բնակիչները Պատերազմից Չեն Վախենում, Սակայն Խաղաղութիւն Են Երազում

Յաջորդը

Հասան Ճեմալ Քանդեց Հայկական Թապուն

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.