Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հասան Ճեմալ Քանդեց Հայկական Թապուն

October 30, 2012
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Յայտնի լրագրող Հասան Ճեմալ վերջերս հրատարակեց «1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւն» խորագրեալ գիրք մը, որ միջոցէ մը ի վեր կը խօսեցնէ իր մասին: Գիրքը յատկանշական է բազմաթիւ տեսանկիւններէ, մանաւանդ այն տեսանկիւնէն, որ Հասան Ճեմալ թոռն է Ճեմալ փաշային, որ հայերու դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան գլխաւոր դերակատարներէն մէկը կը նկատուի:

Գիրքին մասին արձագանգեց նաեւ ֆրանսական «Լը Մոնտ» տարածուն թերթը, որ գրեց, թէ Հասան Ճեմալ Թուրքիոյ մէջ քանդեց հայկական թապուները: Թերթին Պոլսոյ աշխատակիցը` Կիյոմ Փերիէն է, որ ստորագրած է թղթակցութիւնը, ուր կը նշուի, որ այս գիրքին հրատարակութիւնը անցեալի հարցերը լոյս աշխարհ բերելու տեսակէտէ շատ կարեւոր քայլ մըն է: Փերիէ «Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքը» խորագրեալ իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Հասան Ճեմալի գիրքին միայն անունն իսկ անցեալի մէջ կը բաւէր, որպէսզի հեղինակը բանտարկուէր: Բայց հիմա այս գիրքը թապուները կը քանդէ երկրի մը մէջ, ուր այսօր ալ կը ժխտուի այն վարկածը, թէ աւելի քան մէկ միլիոն հայ մարդ սպաննուեցաւ 1915-ին: Փերիէ կարեւոր յառաջդիմութիւն կը նկատէ այն փաստը, որ Հասան Ճեմալի գիրքը հիմա Թուրքիոյ մէջ բազմաթիւ գրախանութներու ցուցափեղկերուն մէջ կը ցուցադրուի առատօրէն:

Փերիէ նաեւ կը յիշեցնէ, որ Հասան Ճեմալ Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուներէն Ճեմալ փաշային թոռն է եւ ան հիմա ամենայն հանգստութեամբ կ՛ընդունի ու կը գործածէ «ցեղասպանութիւն» բառը: Ֆրանսացի լրագրողը դիտել կու տայ, որ այսօր բազմաթիւ թուրք մտաւորականներ ցեղասպանութիւն բառը գործածելու կամ չգործածելու երկընտրանքին դիմաց կանգնած են: Թուրքիոյ մէջ մեծամասնութիւնը այս բառը լսել իսկ չ՛ուզեր, ոմանք կը նախընտրեն գործածել բառեր, ինչպէս` «ողբերգութիւն», «աղէտ», որոնք նուազ պահանջատիրութեան ճամբայ կը բանան: Բայց Հասան Ճեմալ անոնցմէ չէ: Ան Մորկենթաուի մասին Լոս Անճելըսի մէջ ունեցած հրապարակային ասուլիսի ընթացքին եւս հանգիստ կերպով գործածեց ցեղասպանութիւն բառը: Գիրքին կողքին վրայ ալ արդէն ցեղասպանութիւն բառը գործածուած է առանց չակերտի:

 

Նախորդը

Նախագահական Ընտրութիւններու Սեմին.- Ի Նպաստ Ոչ Ոքի

Յաջորդը

Բրիտանացի Յօդուածագիր Մը, Լուսանկար Մը, Եւ Թրքական Իրարանցում

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.