Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»
«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ» Զմիւռնիոյ «Տոքուզ Էյլիւլ» համալսարանի Աթաթուրքեան սկզբունքներու ու յեղաշրջումներու պատմութեան հիմնարկի դասախօս Թիւրքան Պաշեիղիթ իր ուսանողներուն պարտականութիւն տուեր է պատրաստել հայերու ցեղասպանութեան պնդումները ջրող փաստաթուղթերու աշխատասիրութիւն մը: Դասախօսը այս մասին ցուցատախտակ մըն ալ կախեր է իր աշխատասենեակին դրան վրայ եւ ուսանողներէն պահանջեր է, որ մինչեւ 18 դեկտեմբեր որպէս «վիզէ»-ի քննութիւն, յանձնեն իրենց աշխատասիրութիւնը, որ փաստացի տուեալներով պիտի ջրէ «սէօզտէ»...













