Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«27 Հոկտեմբերի Մինչեւ Վերջ Բացայայտումը Մեր Պետութեան Պատիւն Է» Կ՛ըսէ Յովիկ Աբրահամեան

October 29, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ օր Հայաստանի Ազգային ժողովի բակին մէջ 27 հոկտեմբեր 1999-ի ոճրային արարքին ընթացքին սպաննուած պետական ութ գործիչներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին մօտ տեղի ունեցած յիշատակման արարողութենէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան նշեց, որ այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ այդ թուականին ոճիր էր Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ, եւ եթէ կան մարդիկ, որոնք կանգնած եղած են այդ ոճիրին ետին, անոնք պէտք է յայտնաբերուին եւ պատժուին: «Եթէ կան որոշ թաքնուած դէպքեր, պէտք է յայտնաբերուին», ընդգծեց Աբրահամեան:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ չի դադրիր քննադատութիւնը իշխանութիւններու հասցէին, որ անցած 13 տարիներուն ընթացքին անհրաժեշտ ջանքեր չեն գործադրուած եւ չեն գործադրուիր ոճիրի կազմակերպիչները բացայայտելու եւ պատժելու համար, Ազգային ժողովի նախագահը ըսաւ. «Համամիտ չեմ, որ ջանք չէ գործադրուած… նոյնիսկ այնպիսի մարդիկ ներգրաւուած եղած են այդ հոլովոյթներուն մէջ, որ իրօք շատ շահագրգիռ եղած են, որ բացայայտեն մինչեւ վերջ: Համամիտ չեմ, որ կան մարդիկ, որոնք չեն ուզեր, որ հարցը մինչեւ վերջ բացայայտուի»:

«Ատիկա մեր ազգի, մեր պետութեան, մեր ժողովուրդի պատիւն է, որ մինչեւ վերջ բացայայտուի: Եթէ կան մարդիկ, որոնք մինչեւ այսօր յայտնաբերուած չեն, թող յայտնաբերուին», աւելցուց խորհրդարանի նախագահը:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սլէյման Զօրակցութիւն Ստացաւ Ֆրանսայի Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտէն

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ Իրենց Հանդիպման Ընթացքին Նալբանդեան Եւ Մամետեարով Վճռակամութիւն Յայտնեցին Շարունակելու Աշխատանքը` Խաղաղ Լուծման Հասնելու Համար

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.