Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ն Հայաստան – Թուրքիա Արձանագրութեանց Համար Կ՛առաջարկէ Լուծման Երկու Տարբերակ

October 12, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Երեք տարի առաջ ոչ միայն համոզուած էինք, այլեւ իշխանութիւններուն կը ներկայացնէինք, որ Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւնները ապագայ չունին: 3 տարի անցած է, եւ եթէ իրենք վերյիշեն, թէ ինչի՛ կը ձգտէին եւ ինչի՛ հասան, մենք ի՛նչ կը նախազգուշացնէինք եւ ի՛նչ կատարուեցաւ, պիտի յստականայ, որ մեր ըսածները հիմնականին մէջ իրականացան», «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկրի հարցը» յայտագիրին ընթացքին, անդրադառնալով Հայաստան – Թուրքիա արձանագրութիւններու ստորագրման 3-ամեակին, նշեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան:

Ըստ անոր, սխալ էր այն տեսակէտը, թէ արձանագրութիւններով պիտի տկարանան Ազրպէյճանի դիրքերը եւ Թուրքիան պիտի չկապէ ղարաբաղեան տագնապը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն հետ: «Պարզ արդիւնքը ի՞նչ է` սահմանները փակ են, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած չեն, Ազրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները աւելի սրած են, Ղարաբաղի խնդիրի լուծումը աւելի բարդացած է, Թուրքիան աւելի կը միջամտէ ղարաբաղեան հարցին: Յստակ է, որ թուրք-ազրպէյճանական ճակատը աւելի զօրացած է եւ աւելի միասնաբար կը պայքարի», ըսաւ դաշնակցական գործիչը: Ան աւելցուց, որ, ըստ էութեան, Թուրքիոյ մօտեցումները եւս կ՛ընդունուին միջազգային բեմին վրայ, մասնաւորաբար, Քեթրին Էշթըն վերջերս կրկին յայտարարած էր, որ քանի տակաւին ղարաբաղեան հարցը չէ լուծուած, դիւրին պիտի չըլլայ սահմանի բացումը:

Հայ-թրքական արձանագրութիւնները, ըստ Արմէն Ռուստամեանի, դժուարացուցին նաեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթը: Իսկ հայութիւնը, ըստ անոր, պառակտուեցաւ: Բոլոր անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ արձանագրութիւնները ի նպաստ Հայաստանին են, Արմէն Ռուստամեան հարց  տուաւ. «Եթէ այդքան ճիշդ էք, եթէ մեզի համար ամէն ինչ լաւ է, ինչո՞ւ չէք վաւերացներ»:

«Պարզ հարց կու տանք, եթէ բոլորին համար յստակ են, բացի իշխանութիւններէն, որ քանի տակաւին Արցախի հարցը չէ լուծուած, թուրքերը պիտի չվաւերացնեն արձանագրութիւնները, զանոնք պահելու իմաստը  ո՞րն է», հարց տուաւ Արմէն Ռուստամեան եւ առաջարկել լուծման երկու տարբերակներ` կա՛մ վաւերացնել արձանագրութիւնները Սահմանադրական դատարանին առաջադրած վերապահումներով, կա՛մ զանոնք չեղեալ յայտարարել:

«Վատը այն է, որ մենք կը սպասենք, թէ ի՛նչ պիտի ընէ Թուրքիան, նախաձեռնութիւնը զիջած ենք անոր: Մեր նախաձեռնողականէն միայն անունը մնացած է», խօսքը այսպէս եզրափակեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:

 

Նախորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովը Վաւերացուց Կառավարութեան 5-ամեայ Ծրագիրը

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ ( 13 Հոկտեմբեր 1962 )

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.