Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վանայ Ձայն»-ի Հետ Զրոյցի Մը Ընթացքին Խօսքը Էրտողանին Ուղղելով. «Ճակատում Չենք Փափաքիր, Սակայն Սուրիական Հողերու Իւրաքանչիւր Հատիկը Պիտի Պաշտպանենք» Կ՛ըսէ Մաքտիսի

October 10, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ժիհատ Մաքտիսի

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի երէկ «Վանայ ձայն»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ Սուրիոյ հետ «ճակատումի կանոնները փոխեցինք»,  ըսաւ, որ «մենք ճակատում չենք փափաքիր», սակայն շեշտեց, որ «սուրիական հողերու իւրաքանչիւր հատիկը պիտի պաշտպանենք»:

Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան մէջ «մենք իրաւունքներ եւ պարտաւորութիւններ ունինք: Յանձնառու կը մնանք բարի դրացիական յարաբերութիւններուն», սակայն անոնց պահպանման համար երկու կողմերուն ալ յանձնառութեան կարիքը կայ, «եւ այդ մէկը ներկայիս թրքական այժմու կառավարութեան կողմէ չենք տեսներ»:

Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի այն առաջարկին, թէ Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհ պէտք է փոխարինէ նախագահ Պաշշար Ասատը, Մաքտիսի ըսաւ, որ «երբ Թուրքիա մեզի արտօնէ յայտնելու, թէ ո՛ր կառավարութիւնը իրեն աւելի օգտակար է, ապա կ՛արտօնենք, որ ինք եւս այդ մէկը մեզի ըսէ»` նշելով, որ ներկայ հարցին մէջ վճիռը սուրիացի ժողովուրդին կը պատկանի:

Ան նաեւ ըսաւ, որ «սուրիական բանակը ինքնապաշտպանութեան վիճակի մէջ է»` նշելով, որ «երբ հրացանաձգութիւն, հրթիռարձակում եւ ականահարումներ տեղի կ՛ունենան, ապա անոնք ազատութեան պահանջներ չեն»:

Ինչ կը վերաբերի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի կողմէ սուրիական կառավարութեան ուղղուած միակողմանի զինադադարի եւ հանդարտեցումի կոչին, ան ըսաւ, որ «հանդարտեցումը ինքնանպատակ չէ, այլ դէպի քաղաքական երկխօսութիւն անցումի պատրաստութիւն», հարցականի տակ առնելով այդ հանդարտեցման նպատակը, եթէ հակառակորդ կողմը Սուրիոյ մէջ վարչակարգին հետ քաղաքական երկխօսութիւնը կը մերժէ: «Ընդհանուր քարտուղարի բարի կամեցողութեան համար շնորհակալ ենք, սակայն բարի կամեցողութիւնը երբեմն դժոխք կ՛առաջնորդէ» ըսաւ Մաքտիսի:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը ընդգծեց, որ Սուրիոյ մէջ ապահովական լուծում չկայ եւ այն, ինչ որ ներկայիս տեղի կ՛ունենայ, «ապահովական դարմանում» է:

«Վճռումը սուրիացիին վրայ սուրիացիին արձանագրած յաղթանակ չի նշանակեր, այլ կ՛ուզենք զէնք բարձրացուցած այդ սուրիացիին համոզել, որ իր պահանջները զէնք բարձրացնելով չի կրնար իրագործել», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Քըլըճտարօղլու Սուրիոյ Մէջ Հեղուող Արեան Պատասխանատուն Էրտողանն Ու Ասատը Կը Նկատէ. «Պիտի Հարուածենք Ինչպէս Որ Մեզի Կը Հարուածեն Եւ Բոլոր Կարելիութեանց Պատրաստ Ենք» Ըսաւ Էրտողան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.