Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սաֆարովի Հարցը Պիտի Քննարկուի Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի Աշնանային Նստաշրջանին

October 4, 2012
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի բիւրոն երկուշաբթի տեղի ունեցած իր նիստին ընթացքին քննարկեց եւ որոշեց Սաֆարովը արտայանձնելու հարցը բերել Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի աշնանային նստաշրջանի օրակարգ: Անիկա պիտի քննարկուի ընթացիկ հարցի կարգավիճակով:

Այսպիսի առաջարկի դիմում ներկայացուցած էր վեհաժողովի հայկական պատուիրակութեան անդամ Արմէն Ռուստամեան 6 սեպտեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովի մարդկային իրաւունքներու եւ իրաւական հարցերու յանձնախումբի նիստին ժամանակ: «Բնականաբար ազրպէյճանցիները թուրքերուն հետ միասին ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի այն տպաւորութիւնը ստեղծուի, որ իրենց տեսակէտները գերակայ են, մեր խնդիրը պիտի ըլլայ այդ ամէնը չէզոքացնել եւ փորձել ներկայացնել այն իրական պատկերը, որ գոյութիւն ունի», յայտնեց Ռուստամեան:

Մինչ այդ քննարկումներ տեղի պիտի ունենան համարկումի յանձնախումբին մէջ, որուն օրակարգին վրայ հարցը արդէն ընդգրկուած է:

Հինգշաբթի նախանշուած նիստին ընթացքին հայկական կողմը 4 ելոյթի կարելիութիւն պիտի ունենայ:

Վեհաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Միյոն միջազգային կառոյցներու այն ղեկավարներէն մէկն էր, որ անդրադարձաւ եւ դատապարտեց մարդասպան Սաֆարովը Հունգարիոյ կողմէ Ազրպէյճանին յանձնելու եւ Պաքուի մէջ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ անոր ներում շնորհելու ու հերոսացնելու որոշումները: 5 սեպտեմբերին կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ժան Քլոտ Միյոն նշած էր, որ այս գայթակղութեան ներումը բացասական հետեւանքներ կը ձգէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող լարուած յարաբերութիւններուն վրայ: Նախագահը իր այս դիրքորոշումը վերահաստատած էր Սթրազպուրկի մէջ 20 սեպտեմբերին տեղի ունեցած Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հետ հանդիպման ժամանակ:

 

 

 

Նախորդը

Կառավարութիւնը Կազմեց Անյայտ Կորսուած Լիբանանցիներուն Յատուկ Ազգային Խորհուրդ Մը

Յաջորդը

Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ Քի Մունի Հետ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.