Ռուսական «Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնած է, որ «յստակ է, թէ վրացական հասարակութիւնը քուէարկեց ի նպաստ փոփոխութեան»:
Ան յոյս յայտնած է, որ «խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրացական ընդդիմութեան յաղթանակը նպաստէ դրացի երկիրներուն հետ անոր (Վրաստանի. «Ա.») յարաբերութեանց բարելաւման»` աւելցնելով, որ «անպայման որ դէպքերու այդպիսի զարգացում մը պիտի ողջունենք»:


