Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 3, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Հունգարիոյ մէջ շեշտեց, որ Արեւելքի մէջ քրիստոնեաները փոքրամասնութիւն չեն, այլ` Արեւելքին իսկական բնակիչները:

ՆԱԽԱՐԱՐԱՑ խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Սուհել Պուժի հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ յառաջիկայ 27-28 լուսցող գիշերուան ընթացքին պիտի սկսի ձմեռնային ժամանակացոյցը: Հետեւաբար պէտք է ժամացոյցին սլաքները մէկ ժամ առաջ տանիլ:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, իրանցի օդաչուներ Լիբանանէն անցած են Սուրիա, ուր անոնք մասնակցած են Սուրիոյ ընդդիմութեան դէմ գործուած օդային ռմբակոծումներուն:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Շատի Սաատ յայտնեց, որ Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնելու ընտրական օրինագիծը ծնունդ առած է Մուսթաքպալ հոսանքին մօտ եւ ոչ թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու քրիստոնեաներուն մօտ: Ան շեշտեց, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրելու որոշումը հոսանքին կողմէ կը տրուի:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերսկսան կրակոցներն ու նռնականետերու արձակումը: Կրակոցներն ու նռնականետերու արձակումները կատարուեցան Ժապալ Մըհսենի եւ Սուրիա պողոտային մէջ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով սուրիական ընդդիմութեան աղբիւրներէն, շեշտեց, որ Հալէպի մէջ լիբանանցի ուխտաւորները առեւանգող ընդդիմադիրները տեղեկութիւններ ունէին, թէ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի զաւակը կեղծուած անձնաթուղթով մը այդ ուխտաւորներուն շարքին պիտի ըլլար:

ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահէն խնդրած է ընտրական օրինագիծին քննարկումը այնպիսի ձեւով մը առաջարկել, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ չընդվզի: Այս լուրը աւելի ուշ հերքուեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուանի կողմէ:

«ՕՔԱԶ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն մաս կազմող հիմնական երեք քաղաքական կողմեր կը ջանան յետաձգել երեսփոխանական ընտրութիւնները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն դաշնակիցները յանձնառու են կառավարութեան ներկայացուցած ընտրական օրինագիծին, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած է եւ Լիբանանը կը բաժնէ 15 ընտրաշրջաններու:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սաատէ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումի մշակած ընտրական օրինագիծը  քրիստոնեաներուն համար լաւագոյն ներկայացուցչութիւնը ապահովող օրինագիծն է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտիի հետ, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Եասին Ժապեր յայտնեց, որ Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքը կը խորացնէ երկրին մէջ համայնքային ու յարանուանական լարուածութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ իրենց հիմնական նպատակն է քրիստոնեայ համայնքին իրաւունքը ապահովել` իր երեսփոխաններուն ընտրութեան առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հըպէյշ յայտնեց, որ Ուղղափառ համայնքի առաջադրած ընտրական օրէնքը լաւագոյնն է` բոլոր համայնքները խորհրդարանին մէջ ներկայացնելու համար:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, ընտրական օրէնքին մշակումը վերջնականանալու համար կարիքը ունի շրջանային-միջազգային հասկացողութեան:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Նիքոլա Նահհաս շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսութիւնը անակնկալ զարգացումներու դիմաց չի կրնար գտնուիլ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման յայտնեց, որ 7 մայիսի օրերը անվերադարձ մեկնած են` աւելցնելով, որ ընտրական օրէնքին գծով իրենց դէմ կատարուած սպառնալիքները ոչինչի պիտի ծառայեն:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու աղբիւրներ «Լիուա» օրաթերթին յայտնեցին, որ կառավարութիւնը այս հանգրուանին պէտք է փաստէ, թէ ինք բոլոր լիբանանցիներուն կառավարութիւնն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը, որ Լիբանանը 15 ընտրաշրջանի կը բաժնէ, կրնայ դուրս գալ իբրեւ լաւագոյն լուծումը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ կոչ ուղղեց որդեգրելու ընտրական այնպիսի օրինագիծի մը, որ հիմնուած է համամասնական դրութեան վրայ եւ Լիբանանը կը վերածէ մէկ ընտրաշրջանի:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Լիբանանը 50 ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքը անկարելի է վաւերացնել, որովհետեւ անիկա քրիստոնեայ երեսփոխաններ կը զիջի:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Հոմսի կռիւներուն ընթացքին տասնեակներով Հըզպալլայի անդամներ սպաննուած են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքը կոչ ուղղեց որդեգրելու ընտրական այնպիսի օրէնք մը, որ իբրեւ արտակարգ դասաւորում կ՛որդեգրէ փոքր ընտրաշրջանները:

 

 

Նախորդը

Իրաք Կ՛ուզէ Իր Հողերուն Վրայ Գտնուող Թրքական Զօրակայաններու Գոյութեան Վերջ Տալ

Յաջորդը

«Անկարելի Է Լիբանանը Դարձեալ Վերածել Այլոց Պատերազմի Դաշտին» Շեշտեց Զօր. Քահուաժի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.