Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ ( 3 Հոկտեմբեր 1962 )

October 3, 2012
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ Քրիստոնեայ Համայնքներուն Պետերը
Վարչապետին Մօտ

«Հայրենիքը Բոլորիս Է, Առանց Կրօնական
Խտրութեան  Պէտք Է Աշխատինք», Կ՛ըսէ Խ. Ազմ

Սուրիոյ վարչապետ Խալետ Ազմ անցած երեքշաբթի օր ընդունեց Սուրիոյ քրիստոնեայ համայնքներու կրօնապետներէն բաղկացած մեծ պատուիրակութիւն մը, զոր կը գլխաւորէին յոյն օրթոտոքս եւ ասորի պատրիարքները: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ մարոնի եւ հայ կաթողիկէ համայնքներուն ներկայացուցիչները:

Յոյն օրթոտոքս Թէոտոսիոս պատրիարքը խօսք առաւ եւ շնորհաւորեց վարչապետ Խալետ Ազմը եւ նախարարները եւ յայտնեց, թէ իրենց մեծ յոյս կը ներշնչէ Սուրիոյ վերականգնումը` շնորհիւ նորակազմ դահլիճին, որ պիտի իրականացնէ ժողովուրդին փափաքները` ընդհանուրին ներդաշնակ գործունէութեամբ: «Շնորհիւ ձեր ջանքերուն` միշտ դէպի բարին եւ բարգաւաճում պիտի դիմէ մեր սիրելի հայրենիքը», ըսաւ ան եւ իր խօսքը աւարտեց սրտագին բարեմաղթութիւններով:

Վարչապետ Խալետ Ազմ պատասխանեց եւ ըսաւ. «Խորապէս զգացուած եմ ձեր այս այցելութենէն եւ մաղթանքներէն, որոնցմով զօրացած մեր հայրենիքը պիտի առաջնորդենք դէպի անդորրութիւն եւ բարօրութիւն: Ձեր աղօթքները մեծապէս կ՛ուրախացնեն եւ մեզ կ՛առաջնորդեն ուղիղ քայլերու: Հայրենիքին կեանքը պիտի վերականգնենք ընդհանուրին համագործակցութեամբ, առանց համայնքի եւ կրօնի խտրութեան: Բոլորս զաւակներն ենք մէկ հայրենիքի, որ կը կարօտի մեր բոլորին միասնական ջանքերուն: Երջանիկ կը զգամ ես զիս, որովհետեւ կառավարութեան մէջ բոլոր խաւերը եւ համայնքները մասնակցութիւն բերած են:

Կառավարութիւնը սահմանադրական եւ օրինական է, ունի օրէնսդրական լիազօրութիւն: Քաղաքականութեամբ չէզոք ենք, առողջ հիմունքներու վրայ գործելով` վստահութիւնը պիտի ամրապնդենք: Դուք` հոգեւոր պետերդ, ձեր աղօթքներով եւ օժանդակութեամբ պիտի մասնակցիք վերահաստատելու համար ժողովուրդին մէջ անդորրութիւնը եւ վստահութիւնը: Մենք կ՛ուզենք լսել ժողովուրդին բողոքները, մեզի պէտք է փոխանցէք այդ բողոքները, որպէսզի ամէն մարդ ստանայ իր իրաւունքը:

Վարչապետ Խալետ Ազմ աւելցուց, թէ մեծապէս շնորհակալ է, որ հոգեւորականները իրեն գործակից եւ զօրավիգ են:

 

Երկաթէ Վարագոյրի Ետին. Գերման Ընտանիքի Մը Ոդիսականը

Հայր Ու Աղջիկ Կ՛անցնին Երկաթէ Վարագոյրը,
Բայց
Կինը Կը Մնայ Գերութեան Մէջ

Երկաթէ վարագոյրէն անդին, Պուլկարիա ապրող գերման ընտանիք մը ազատութիւն ընտրած եւ Թուրքիա ապաստանած է: Կը կրէ Լոթով մականունը: Ընտանիքին հայրը, որ ճարտարապետ մըն է, վիրաւորուած է պուլկարական սահմանին վրայ: Կինը մնացած է սահմանին միւս կողմը` ձերբակալուելով պուլկար գաղտնի ոստիկանութեան կողմէ:

Պոլսոյ մէջ գերման ճարտարապետն ու իր հնգամեայ աղջիկը` Սապինա, յանձնուած են Դաշնակցային Գերմանիոյ հիւպատոսարանին:

Ճարտարապետը, որ չափազանց վախցած եւ յոգնած է իրենց ոդիսականէն, ջղային տագնապներ անցնելէ ետք լաւացած եւ խօսք մը իսկ չէ արտասանած: Լոթով իր առաջին գիշերը անցուցած է իր դեռատի աղջկան փաթթուած, անքուն եւ տեւապէս ծխելով:

Սապինա սկսած է արտասուել եւ փնտռել մայրը:

– Մայրս կ՛ուզեմ, մայրս կ՛ուզեմ աղաղակելով:

Սապինա, քիչ մը հանդարտելէ ետք, սկսաւ պատմել սարսռազդեցիկ գիշերը, երբ ան ապրած էր թերեւս իր մատղաշ կեանքին ամէնէն ահաւոր եւ անմոռանալի վայրկեանները:

– Մայրս վար դրին: Հայրս զարկին: Մինչդեռ երեքս միասին ինչ լաւ ճամբորդութիւն մը կ՛ընէինք ինքնաշարժով: Բայց արդէն ես կռահած էի, որ բաներ մը պիտի պատահէին:

Մայրս ինքնաշարժին ետեւի սնտուկը պահուըտած էր: Ես ալ ետեւի նստարանին տակ ծուարած էի: Հայրս ծածկած էր վրաս եւ յանձնարարած էր բնաւ ձայն չհանել, ինչ որ ալ պատահի: Յանկարծ կանգ առինք:

Կը խօսէին լեզուով մը, որմէ ոչինչ կը հասկնայի: Սեւազգեստ, տգեղ մարդիկ էին խօսողները: Յետոյ հայրս զիս մէջքէս բռնեց, գիրկը առաւ` վազելով դրան մը առջեւ բերաւ, հոն ձգեց: Ինքը դարձեալ ետ դարձաւ: Քիչ յետոյ եկաւ կուրծքը բռնած: Ալ անկէ ետք չկրցայ տեսնել մայրս: Հայրս ըսաւ: «Հոգ մի՛ ըներ, պիտի տեսնես մայրդ», բայց ո՞ւր է, չկայ մայրս»:

Արցունքները թրջած էին երեսը ու գանգուր մազերը կը կպչէին դէմքին:

Հինգ տարեկանս նոր թեւակոխեցի, շարունակած է Սապինա, այլեւս կը պատրաստուէի դպրոց երթալ: Հօրս հետ զբօսարանի մը մէջ ժամադրուած էինք: Երկար ատենէ ի վեր չէի տեսած զայն: Հայրիկ, ի՛նչ կ՛ըլլայ, միշտ մեզի հետ մնացիր, ըսի հօրս, որ ընդունեց: Մայրս ըսած էր, թէ Վառնայի մէջ կը գտնուէինք: Եթէ այն սեւազգեստ մարդիկը չըլլային, հիմա մայրս հոս պիտի ըլլար, բայց ես բնաւ չվախցայ անոնցմէ, որովհետեւ հայրս կար քովս:

Սապինային մայրը` Քարիսթըր Լոթով պուլկար ոստիկան զօրքերու կողմէ փոխադրուեցաւ սահմանէն ներս: Բայց յայտնի չէ, թէ ո՞ւր  տարած են զայն զինուորները եւ ինչպիսի՞ ելք մը պիտի ունենայ այս դէպքը:

Նախորդը

Օսկանեանը Անձեռնմխելիութենէ Զրկելու Միջնորդագիրը Ներկայացուեցաւ Ազգային Ժողովին

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հայ Կեանքը Թէլ Ապիատի Եւ Այն Արուսի Մէջ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.