ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ռոպեր Ղանեմ յայտնեց, որ ցարդ ներկայացուած ընտրական բոլոր օրինագիծերը Թաէֆի համաձայնագիրին հետ հակադրութեան մէջ կը գտնուին:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ դիւանագիտական աղբիւրի մը համաձայն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով սուրիացի իր պաշտօնակիցին` Ուալիտ Մոալլեմի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կարմիր գիծ է, որուն պէտք է ենթարկուիլ` նկատի ունենալով լիբանանեան իրադարձութիւններուն զգայուն իրավիճակը:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն թղթածրարին հետեւող կողմերը շեշտեցին, որ Լիպիոյ գաղտնի սպասարկութեան նախկին պետ Ապտալլա Սանուսի յստակ պատասխան մը չէ տուած իմամ Սատըրի մասին իրեն ուղղուած հարցումներուն: Նոյն օրաթերթը գրեց, թէ իմամ Մուսա Սատըրի հարազատները շեշտած են, որ Սատըրի հարցով հետաքննութիւնները սկսած են Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի մօտիկ անձնաւորութիւններուն հետ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի անդամ Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան առումով բանակին հեղինակութիւնը եւ դերակատարութիւնը հարուածելու բոլոր փորձերը ձախող դուրս պիտի գան:
ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթին, Հըզպալլա յետաձգած է կազմակերպական իր խորհրդաժողովը, որ տեղի պիտի ունենար նախքան տարեվերջը:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթին համաձայն, պետական նշանակումները կատարելու թղթածրարը լուսարձակի տակ առնուած է, եւ այդ իմաստով սկսած աշխատանքները աշխուժ են: Նոյն օրաթերթին համաձայն, նախատեսուած է, որ ընդհանուր դատախազի պաշտօնը ստանձնէ Ալիս Շապթինի:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին ընդհանուր դատախազ Սայիտ Միրզա վարչապետարանին մէջ սկսած է դատական հարցերու խորհրդականի իր նոր աշխատանքին:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ մեծամասնութեան եւ ընդդիմութեան ուժերուն անդամ երեսփոխաններ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ անհրաժեշտ է չփութալ ընտրական օրինագիծը քննարկելու իմաստով խորհրդարանական յանձնախումբերը միացեալ ժողովի հրաւիրելու:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ իրենք ընտրական արդար օրէնք մը կը փափաքին մշակել` աւելցնելով նաեւ, որ իրենք չեն փափաքիր, որ ընտրական օրինագիծը հակադրուի Թաէֆի համաձայնագիրին:
ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ քաջ գիտեն, թէ Լիբանանի կառավարութեան տապալումը արգիլուած է:
ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի կառավարութիւնը շրջանային եւ միջազգային հովանաւորութեամբ կը շարունակէ իր աշխատանքները:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ ինք Թրիփոլիի մէջ իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէ խստիւ դատապարտեց Սայտայի Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ դէմ գործուած քստմնելի յարձակումը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Թարեք Մըթրի շեշտեց, որ արաբական աշխարհին մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները սկիզբ կը նկատուին շրջանին մէջ արձանագրուելիք արմատական փոփոխութեան:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ իրենք տակաւին յոյս ունին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը համոզելու` Լիբանանը բաժնելու փոքր ընտրաշրջաններու:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի համաձայնութիւն գոյացուցած են համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը մերժելու շուրջ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Այուպ Հըմայէտ շեշտեց, որ պէտք է շարունակել երկխօսութիւնը եւ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել ճշդուած թուականին:
ԱՄԱԼ շարժումի ղեկավար խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան շեշտեց, որ Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու վերածելու պահանջը դնող քաղաքական կողմերը նեղ հորիզոններ ունին:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ շեշտեց, որ փոքր ընտրաշրջաններու հիման վրայ հաստատուած ընտրական օրէնքը ճշգրիտ ներկայացուցչութեան ցուցանիշ է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ համախմբումը, ինչ ընտրական օրէնքի հիման վրայ ալ ըլլայ, պիտի մասնակցի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ յաղթանակներ պիտի արձանագրէ:


