Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոալլեմ Ուաշինկթընը Կ՛ամբաստանէ Սուրիոյ Դէմ Յարձակում Գործելու Նպատակով Քիմիական Զէնքերը Պատճառաբանելու Յանցանքով

October 2, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուալիտ Մոալլեմ

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգները ամբաստանեց քիմիական զէնքերու հարցը Սուրիոյ դէմ Իրաքի մէջ իրենց կատարածին նման «արշաւ» մը շղթայազերծելու նպատակով օգտագործելու յանցանքով:

Ան ըսաւ, որ «այս հարցը (քիմիական զէնքերու) ամերիկեան վարչակազմի մտայղացումն է (…) անիկա սնամէջ հարց մըն է, զոր շինեցին Սուրիոյ դէմ Իրաքի մէջ իրենց կատարածին նման արշաւ մը շղթայազերծելու համար»:

«Քիմիական զէնքերը, եթէ Սուրիոյ մէջ անոնք գոյութիւն ունին, եւ ես, «եթէ գոյութիւն ունին»-ը կ՛ընդգծեմ, կարելի՞ է, որ զանոնք մեր ժողովուրդին դէմ գործածենք: Ատիկա պարապ խօսք է», ըսաւ Մոալլեմ` աւելցնելով, որ «սակայն ատիկա բացարձակապէս չի նշանակեր, որ Սուրիա քիմիական զէնքերու պահեստ ունի կամ մտադիր է զանոնք իր ժողովուրդին դէմ օգտագործելու»:

Սուրիոյ դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի մօտ «բարի կամեցողութիւն եւ իր առաքելութիւնը յաջողութեամբ պսակելու վճռակամութիւն գոյութիւն ունի, եւ մենք անոր առաքելութեան յաջողութեան համար պէտք եղածը պիտի տրամադրենք»` աւելցնելով, որ անոր առաքելութեան յաջողութիւնը միայն Դամասկոսէն կախեալ չէ, այլ նաեւ Ուաշինկթընէն ու դրացի երկիրներէն գործակցութիւն կը պահանջէ:

Մոալլեմ յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ նախագահութեան թեկնածու առաջադրուելու առիթը այլեւս բոլոր փափաքողներուն առջեւ բաց է»:

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի քաղաքական խորհրդական Սէյֆէտտին Ապտել Ֆաթահ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին հետ զրոյցի մը ընթացքին հերքեց, թէ Եգիպտոս Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան քաթարական առաջարկը կ՛ուսումնասիրէ:

Ան հերքեց թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան հաղորդած եւ իրեն վերագրուած այն յայտարարութիւնները, թէ Գահիրէ Սուրիոյ մէջ արաբական զինուորական միջամտութեան քաթարական առաջարկը կ՛ուսումնասիրէ: Ան նշեց, որ ատիկա ճիշդ չէ եւ իր յայտարարութիւնները սխալ կերպով փոխանցուած են:

Մինչ այդ, Թուրքիոյ արտակարգ իրավիճակներու հարցերու ծառայութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներուն թիւը հասած է 93576-ի: Ըստ «Հապեր7»-ի, մինչեւ օրս Թուրքիոյ տարածք անցած է աւելի քան 133000 սուրիացի, որոնց մէկ մասը հետագային հայրենիք վերադարձած է:

Ապահովական գետնի վրայ, երէկ Հալէպի հին թաղերուն մեծամասնութեան մէջ, մասնաւորաբար Օմայատներու մզկիթի շրջանին մէջ բուռն բախումներ տեղի ունեցան:

 

Նախորդը

Ըստ Հարցախոյզի Մը Օպամա Չնչին Առաւելութեամբ Կը Գերազանցէ Ռոմնին

Յաջորդը

Ազրպէյճանական Աղբիւր Մը Կը Հերքէ Կապալայի Ռատարի Կեդրոնին Հարցով Մոսկուայի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Մասին Լուրերը

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.