Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 1, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ Պըրրի կը մերժէ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգել եւ համաձայն է ներկայ ընտրական օրէնքին հիման վրայ կատարել զանոնք:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրները շեշտեցին, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի ստանձնէ խորհրդարանի յաջորդ նստաշրջանի նախագահութիւնը, իսկ վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի վերադառնայ վարչապետարան:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, նախատեսելի չէ, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն համաձայն գտնուի Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրինագիծի մը:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը կը զօրակցի 1960-ի ընտրական օրէնքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումը ցարդ մերժելի է լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն եւ ղեկավարներուն կողմէ:

ԸՍՏ «Սաֆիր» օրաթերթին, Պքերքէի մէջ ուրբաթ երեկոյեան գումարուած նիստին ընթացքին նշուած է, որ այն յայտարարութիւնները, թէ Լիբանանը 50 ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքը քրիստոնեաներուն քուէներով 55 քրիստոնեայ երեսփոխան կ՛ապահովէ, ճշգրիտ չեն:

ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը, որ Լիբանանը 15 ընտրաշրջանի կը բաժնէ, քրիստոնեաներուն քուէներով 54 քրիստոնեայ երեսփոխաններու ընտրութիւնը կ՛ապահովէ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը Լիբանանի քաղաքական բոլոր կողմերուն համար արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ Պքերքէի յանձնախումբին աշխատանքը որոշ ժամկէտ մը ունի, որ կ՛աւարտի մէկ ամիսէն: Հարպ շեշտեց, որ մինչեւ այդ ժամկէտը պէտք է յանգիլ քրիստոնեայ համայնքին հաւանութիւնը վայելող ընտրական օրինագիծի մը:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա յայտնեց, որ Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրէնքին հետ իրենք հարց չունին, սակայն այդ ընտրաշրջաններուն թիւը պէտք է քննարկումի ենթարկուի:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնք մը վաւերացնելու առումով ժամացոյցները կ՛ուղղուին դէպի 1960-ի ընտրական օրէնքը:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Մարուան Շարպել յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա վստահ են, որ մարոնի համայնքը ոչ մէկ համաձայնութիւն պիտի կարենայ գոյացնել ընտրական օրէնքին առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ ներկայացուած ընտրական օրինագիծը վրիժառական է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին քրիստոնեայ համայնքին միասնականութիւնը ամրապնդել եւ անցեալը մոռնալ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր ընդգծեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքին պահպանումը եւ անոր վրայ հիմնուելու քայլը օրինակելի է: Ան շեշտեց, որ Լիբանանը փոքր ընտրաշրջաններու բաժնելու ծրագիրը զիրենք կը վերադարձնէ համայնքային բաժանումի հանգրուանին:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի տնօրէն Ուիսամ Հասան ուղղուած է Ուաշինկթըն, ուր քննարկած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը յաջորդող փուլին մանրամասնութիւնները:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց, որ արաբական եւ միջազգային ընտանիքները կ՛օժանդակեն Սուրիոյ հրկիզումին:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահը պէտք է ամբողջ Լիբանանի նախագահը ըլլայ եւ ոչ միայն տուեալ շրջանի մը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ համամասնական դրութեան հիման վրայ պատրաստուած ընտրական օրէնքը լիբանանցիներուն համար փրկութիւն է, որովհետեւ անիկա ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի Ժիպէյլ այցելութիւնը մէկու մը դէմ ուղղուած շանթաժ չէ, այլ անոր իրաւունքն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւնները հաստատ 1960-ի ընտրական օրէնքին հիման վրայ պիտի չկատարուին:

 

 

 

Նախորդը

Նիւ Եորքի Մէջ` Մոալլեմ – Ֆելթման Հանդիպում

Յաջորդը

Լիբանանի Գեղեցկութեան Թագուհին` Ռինա Շիպանի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.