Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տաւութօղլու. «Սուրիական Տագնապը Թուրքիոյ Համար Այլեւս Ապահովական Վտանգաւոր Սպառնալիք Մը Կը Ներկայացնէ»

September 29, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ահմեթ Տաւութօղլու

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա` մեկնաբանելով Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան ի նպաստ Քաթարի կոչը, յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ ամերիկեան զինուորական ինքնագլուխ միջամտութիւնը մեծ սխալ մը պիտի ըլլայ»:

Ան ըսաւ, որ Քաթարի իշխան Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան կոչը չի փոխեր իր այն համոզումը, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը իշխանութենէն հեռացնելու համար անոր վրայ դիւանագիտական եւ տնտեսական միջազգային ճնշումը լաւագոյն մօտեցումն է:

Ան աւելցուց, որ եթէ միջազգային ընտանիքը անհրաժեշտութեան պարագային որոշէ զինուորական քայլ մը կատարել, ապա «անոր մասնակից պիտի դառնանք», սակայն ամերիկեան ինքնագլուխ միջամտութիւն մը «մեծ սխալ մը պիտի ըլլայ»:

Փանեթա նշեց, որ իր երկիրը այլ երկիրներու հետ կ՛աշխատի օժանդակելու սուրիական ընդդիմութեան եւ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներէն տուժածներուն մարդասիրական օժանդակութիւն ապահովելու: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը նաեւ վստահեցուց, որ «ամերիկացի պաշտօնատարները Սուրիոյ մէջ քիմիական եւ կենսաբանական զէնքերու դիրքերուն մօտէն կը հսկեն»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սուրիական տագնապը այլեւս «Թուրքիոյ համար ապահովական վտանգաւոր սպառնալիք մը կը ներկայացնէ»: Ան ըսաւ, որ իր երկիրը սուրիական տագնապին հարցով ՄԱԿ-ի նկատմամբ յուսախաբ է` նշելով, որ այդ տագնապը միջազգային ընտանիքին եւ Ապահովութեան խորհուրդին համար քննութիւն մըն էր, սակայն տագնապին շուրջ որեւէ որոշում չորդեգրելը մեծ ձախողութիւն մը կը նկատուի:

Ան ըսաւ, որ «սուրիական վարչակարգին կիրարկած քաղաքականութիւնը բացարձակապէս անընդունելի է, եւ եթէ այսպէս շարունակէ, ապա պէտք է այդ վարչակարգին դէմ իսկական միջոցառումներ որդեգրել»:

Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ սուրիական տագնապը մինչեւ հիմա Թուրքիոյ 300 միլիոն տոլար արժած է եւ այդ գումարը օրէ օր կը բարձրանայ: Ան ըսաւ, որ նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ հետ սահմանին երկարութիւնը 911 քիլոմեթր է, մեծ սպառնալիք մը գոյութիւն ունի` նշելով, որ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ գոյութիւն ունի իշխանութեան բաց մը, ուր ՔԱԿ-ի եւ Քայիտայի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւններ կրնան կացութիւնը օգտագործել: «Թուրքիա ներկայիս ահաբեկչական բազմաթիւ գործողութիւններու թատերաբեմ դարձած է ՔԱԿ-ի կողմէ, որ սուրիական կողմին մէջ այդ բացը կ՛օգտագործէ», ըսաւ Տաւութօղլու:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին թրքական «Սթար» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յուսախաբութիւն յայտնեց, որ Ռուսիա կը շարունակէ սուրիական վարչակարգին աջակցիլ, սակայն միեւնոյն ժամանակ հերքեց, թէ Թուրքիա Սուրիական ազատ բանակը կը զինէ: «Այն պահուն, երբ Ռուսիա պէտք է Սուրիոյ մէջ գործուած ջարդերուն համար լուռ կենայ, ան այդ ջարդերը գործադրող սուրիական վարչակարգին կողքին կանգնիլ ընտրած է», ընդգծեց Էրտողան:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ «ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ սուրիական զինեալ ուժերը 60 հազար մարտիկներէ բաղկացած նոր մասնայատուկ ուժ մը պիտի պատրաստեն: Լոնտոնի մէջ ռազմավարական հետազօտութեան միջազգային հիմնարկէն փորձագէտ մը յայտնած է, որ արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւնները ստացած են տեղեկութիւններ, ըստ որոնց, զինեալ ապահովութեան ջոկատները (Շապիհա), որոնց անդամները ալեւիներ են, պիտի միացուին իրանեան Յեղափոխական պահակագունդին նման ուժի մը: Փորձագէտը կը նշէ, որ Սուրիոյ մէջ գտնուող իրանցի շուրջ երկու հազար մասնագէտներ այդ ուժի անդամները կը պատրաստեն եւ կը մարզեն: Ան յայտնած է, որ «մենք կը նախատեսենք, որ կառավարական ուժերուն թիւը յառաջիկայ ամիսներուն աճի, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տագնապի երկարաձգում եւ Ասատի վարչակարգի նոր հորիզոններու տուչութիւն պիտի նշանակէ»: Ըստ բրիտանացի վերլուծաբաններու, այդ ուժը անհրաժեշտութեան պարագային Սուրիոյ ծովեզերեայ շրջաններուն մէջ գտնուող ալեւիական շրջաններու պաշտպանութիւնը պիտի ստանձնէ:

Ապահովական գետնի վրայ` սուրիական ընդդիմութենէն աղբիւրներ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Հալէպի մէջ աննախադէպ բախումներ տեղի կ՛ունենան: Նշենք, որ սուրիական բանակն ու զինեալ ընդդիմութիւնը Հալէպի ճակատամարտը վճռելու որոշումի մասին յայտարարութիւններ կատարած էին: Բախումներ տեղի ունեցան Հալէպի Պապ Ներապ, Շէյխ Մաքսուտ, Հանանօ եւ օդակայանի ճամբուն վրայ: Աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ սուրիական բանակը  Շէյխ Մաքսուտ թաղամասը առած է իր վերահսկողութեան տակ: Թաղամաս ներթափանցած «Ժապհաթ Նուսրա» խմբակէն 40 զինեալներու շարքերուն մէջ 16 զոհ արձանագրուած է, իսկ մնացեալը շրջանէն հեռացած են:

Երէկ նաեւ հաղորդուեցաւ, որ սուրիական հակաօդային ուժերը Պանիասի վերեւ անօդաչու թռչող սարք մը վար առած են:

«Ժազիրա» հաղորդեց, որ սուրիական Թել Ապիատ շրջանէն արձակուած ռումբ մը ինկած է սահմանին թրքական կողմը, ուր թուրք քաղաքայիններ վիրաւորուած են:

 

 

 

 

Նախորդը

Թուրքերը Իբրեւ Նախագահ Կը Նախընտրեն Կիւլը, Քան Էրտողանը

Յաջորդը

«Իսլամներու Անմեղութիւնը» Ժապաւէնը Արտադրողը Ձերբակալուեցաւ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.