Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանակը Քաայի Մօտ Կը Գրաւէ Զէնք Փոխադրող Փոխադրակառք Մը

September 26, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, թէ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը նախանցեալ երեկոյեան Քաայի սահմանամերձ շրջանին մէջ գրաւեց փիք-ափ մը, որ բեռցուած էր զէնքերով, ինչպէս նաեւ անոր մէջ կը գտնուէին հինգ սուրիացի քաղաքացիներ, որոնք Լիբանանի մէջ մնալու օրինական փաստաթուղթեր չունէին:

Բանակը գրաւեց փիք-ափը, որուն մէջ կային ձեռնառումբեր, հեռադիտակներ, հաղորդակցութեան սարքեր, զէնքեր, փամփուշտներ եւ զինուորական այլ սարքեր, իսկ սուրիացիները փոխանցուեցան դատական համապատասխան ատեան:

Միւս կողմէ, բանակը հրապարակեց այլ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ բանակի գաղտնի սպասարկութեան տրամադրուած տեղեկութիւններուն հիման վրայ, բանակին մէկ զօրամասը նախանցեալ երեկոյեան ներխուժեց Պաալպեքի Համմուտիէ շրջանին մէջ գտնուող թմրեցուցիչի պատրաստութեան գործարան մը, ուր գրաւեց 20 փոխադրակառքի մէջ բեռցուած հաշիշ եւ 70 քիլոկրամ կշռող թմրեցուցիչ այլ դեղահատեր, ինչպէս նաեւ զէնքեր ու զինամթերք:

Բանակը ձերբակալեց նաեւ շարք մը յանցագործներ եւ զանոնք փոխանցեց դատական համապատասխան ատեանին:

Զօր. Քահուաժի Լոնտոնի Մէջ

Միւս կողմէ, բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Լոնտոնի մէջ կը շարունակէ բրիտանացի բարձրաստիճան զինուորականներու եւ պատասխանատուներու հետ իր հանդիպումները, որոնց ընթացքին կը քննարկուին լիբանանեան եւ բրիտանական բանակներուն միջեւ գործակցութեան բարելաւման հեռանկարները:

Լոնտոնի մէջ իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ զօր. Քահուաժի յայտնեց, որ Լիբանանի սպառնացող մարտահրաւէրները շատ են, Իսրայէլ մնայուն սպառնալիք է, Սուրիոյ մէջ կացութիւնը տակաւին վատ է եւ տագնապը կը սպառնայ փոխադրուելու Լիբանան, Լիբանանի մէջ կան ահաբեկչական կազմակերպութիւններ, որոնք կը փափաքին հարուածել լիբանանեան միասնականութիւնը, սակայն բանակը մեծաւ մասամբ յաջողած է պաշտպանել քաղաքացիական անվտանգութիւնը, պաշտպանել երկրին սահմանները եւ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցող միջադէպերը շրջափակել, ինչպէս նաեւ վերջ տալ զէնքի մաքսանենգումին եւ ապահովական կարգ մը այլ դէպքերու:

Զօր. Քահուաժի նշեց, որ բանակը նաեւ կը ջանայ պահպանել Լիբանանի մէջ ազատութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը:

Ան ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան նուազագոյն վնասներով եւ իր զաւակներուն գիտակցութեամբ պիտի կարենայ շրջանցել այս զգայուն կացութիւնը:

 

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Սապունճեան Այցելեց Շեքքա

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.