Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 25, 2012
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանի քաղաքական իրադարձութիւնները, յատկապէս ընտրական օրէնքին վերաբերող զարգացումները:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանին մաքսատունը կրցած է ձախողեցնել 7 քիլոկրամ քոքայինի Լիբանան մուտքը:

ԱՆԾԱՆՕԹ զինեալ մը երէկ իր մոթորսիքլեթին վրայէն կրակ բացաւ Ռինկի կամուրջին վրայ գտնուող ինքնաշարժի մը ուղղութեամբ եւ սպաննեց անոր վարորդը: Միջադէպին դրդապատճառները տակաւին յստակ չեն:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ատել Մալեք յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապը ճակատագրական է եւ անոր հետեւանքներն ու ազդեցութիւնները միայն Սուրիոյ քաղաքական քարտէսին վրայ շօշափելի պիտի չդառնան, այլ նաեւ` Լիբանանի: Ան դիտել տուաւ, որ զօր. Միշել Աունի դէմ կատարուած մահափորձը մտահոգիչ երեւոյթ է, որովհետեւ անիկա կը յուշէ սպանութիւններուն վերադարձը:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Պապ Ռամըլ շրջանին մէջ երէկ առաւօտեան արձանագրուեցաւ անձնական բնոյթի զինեալ բախում մը, որուն ընթացքին քաղաքացիներէն մէկը վիրաւորուեցաւ: Բանակի զօրամասերէն մէկը իսկոյն միջամտեց հարցին եւ ներխուժեց փամփուշտ արձակող քաղաքացիին բնակարանը` կացութիւնը առնելով իր հակակշիռին տակ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ զէնքերը սկսած են շատնալ եւ արդէն իսկ անոնց քանակը հասած է 1975-1976 տարիներուն երկրին մէջ գտնուող զէնքի քանակին կէսին: Ըստ նոյն օրաթերթին, Քաթար Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մէջ ունի ապահովական յատուկ ցանցեր, որոնց միջոցով զէնքը Լիբանան կը ղրկէ Քաթարէն արտածուող արտադրութիւններու ձեւով եւ զանոնք կը զետեղէ այնպիսի տուփերու մէջ, որոնք կեղծուած փաստաթուղթեր կը կրեն:

ՊՐԻԹԵԼԻ մէջ երէկ երեկոյեան ազատ արձակուեցաւ առեւանգուած Ալի Ահմետ Մանսուրը, որուն ընտանիքը 600 հազար տոլարի փրկագին մը վճարեց առեւանգող կողմին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ իրենք կը դատապարտեն որեւէ լիբանանցիի դէմ գործուած մահափորձը եւ կը սպասեն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի դէմ գործուած մահափորձին հետաքննութեան արդիւնքներուն:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Ուղղափառ հանդիպումին ներկայացուցած ընտրական օրէնքի նախագիծը լաւագոյնն է` իբրեւ ընտրական օրէնք:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերու ընդհանուր քարտուղարութիւնը շեշտեց, որ ամբողջ Լիբանանի տարածքին լիբանանեան գերիշխանութեան բանեցումը իրենց սկզբունքներէն մէկն է:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ ըստ երեւոյթին, Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին հիմնուելով 1960-ի ընտրական օրէնքին վրայ:

 

 

 

 

Նախորդը

Իրավիճակը` Դամասկոսի Մէջ

Յաջորդը

Ռաատ. «Պէտք Է Զօրակցիլ Բանակին Եւ Օժանդակել Անոր»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.