Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Սուրիոյ Տագնապին Լուծումը Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Կեցուածքներէն Կախեալ Պիտի Ըլլայ» Ըսաւ Էրտողան

September 25, 2012
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական տագնապին շուրջ միջազգային ընտանիքին որոշումները պէտք է Ապահովութեան խորհուրդին ծիրին մէջ տրուին»: Ան նշեց, որ «Սուրիոյ տագնապին լուծումը Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կեցուածքներէն կախեալ պիտի ըլլայ»` աւելցնելով, որ «Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ սուրիական տագնապին վերաբերող բանակցութիւնները պիտի շարունակենք»:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի մը ստեղծման, Էրտողան ըսաւ, որ «այս հարցին համար ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն որոշումի մը հրապարակումը կարեւոր է»` յիշեցնելով, որ «յստակ չէ, եթէ Ռուսիա եւ Չինաստան այդպիսի որոշումի մը համաձայն պիտի գտնուին»:

Սուրիոյ մէջ Իսլամ եղբայրներու ընդհանուր հսկիչի տեղակալ Ֆարուք Թայֆուրի որդին` Պիլալ Թայֆուր «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ սուրիական տագնապի լուծման համար վերջերս իրենց կազմակերպութեան եւ իրանցի պաշտօնատարներու միջեւ թուրք միջնորդի մը միջոցով վեց հանդիպում տեղի ունեցած է` հերքելով բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հրապարակած այն լուրը, թէ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի յայտնած է, որ հանդիպումները Իրանի մէջ տեղի ունեցած են:

Ան ըսաւ, որ «Իրան ինք թուրք միջնորդի միջոցով հանդիպումներուն նախաձեռնեց եւ ոչ թէ Իսլամ եղբայրները»` աւելցնելով, որ Իրան հանդիպումին ընթացքին յայտնած է, որ պատրաստ է Ասատի իշխանութեան շարունակման իր պահանջէն հրաժարելու` յառաջիկայ հանգրուանին շուրջ փոխադարձ հասկացողութեան դիմաց:

Պիլալ Թայֆուր աւելցուց, որ «մէկ ամիս առաջ տեղի ունեցած վեցերորդ հանդիպումին ընթացքին անոնց հետ համաձայնութիւն գոյացուցինք, թէ նախքան Պաշշարի իշխանութենէն հեռացումը երկխօսութիւնը բացառուած է, եւ անոնցմէ պահանջեցինք սուրիական վարչակարգին ցուցաբերուած աջակցութիւնը դադրեցնել»:

Միւս կողմէ, բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ կը գտնուին օտար մարտիկներ, որոնցմէ ոմանք Իրաքի, Եմէնի եւ Աֆղանիստանի մէջ կռիւներու մասնակցած են: Օրաթերթը կը նշէ սէուտցիի մը պարագան, որ անցեալ շաբաթ Հալէպ հասած է եւ իր կարգին շրջան հասած թուրքի մը հետ սահուն անգլերէն, կը խօսի:

Մինչ այդ` Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կը վատթարանայ եւ հորիզոնին վրայ մարդասիրական աղէտ մը կ՛երեւի»:

Ան ըսաւ, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը կը հաւատայ, որ Սուրիոյ մէջ հինգ հազար օտար մարտիկներ գոյութիւն ունին»:

 

Նախորդը

«Եգիպտոս Այլեւս Միացեալ Նահանգներու Կանոններով Պիտի Չշարժի» Կ՛ըսէ Մուրսի

Յաջորդը

Իրավիճակը` Դամասկոսի Մէջ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.